Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի նախագահութեամբ, երէկ Խալտէի մէջ տեղի ունեցաւ տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներու ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, նախկին նախարարներ Մարուան Խէյրէտտին եւ Սալեհ Ղարիպ, շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի պատասխանատուներ եւ հոգեւորականներ:
Հանդիպումէն ետք Սալեհ Ղարիպ կարդաց հանդիպումէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քանդումը, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային, առողջապահական եւ ապահովական տագնապները, լիբանանեան ներքին լարուածութիւնն ու ատելութիւնը հետեւանք են քաղաքական վարչակարգին, որ կառուցուած է ծպտեալ բռնատիրութիւններու, համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային խտրութեան հիման վրայ, ինչ որ զզուելի է:
Ղարիպ Խալտէի հանդիպումին անունով կոչ ուղղեց ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն կազմակերպելու` քննարկելու համար երկրին նեխած վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ այնպիսի վարչակարգի մը, ուր լիբանանցիները իրենց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մէջ հաւասար ըլլան, լիբանանեան պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները բոլորին միակ հեղինակութիւնը ըլլան, եւ կարելի ըլլայ պետութեան, իշխանութեան ու անոր կառոյցներուն հանդէպ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը վերահաստատել:
Ղարիպ շեշտեց, որ տիւրզի համայնքը միշտ ալ յարգած է պետութիւնը, օրէնքներն ու դատական իշխանութիւնները, սակայն այսօր ստիպուած է պահանջել իր իրաւունքը եւ պնդել նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը:
«18 մասնագէտ նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով պնդումները չեն արդարացներ Լիբանանի Ազգային ուխտի ոգիին համապատասխանող կառավարութիւն մը կազմելու տեսակէտը: 18 նախարարներէ բաղկացող կառավարութեան կառչած մնալու մօտեցումը ցոյց կու տայ, որ յաջորդ կառավարութիւնը քինախնդրութեամբ պիտի կազմուի` նսեմացնելով տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ ջնջելով տիւրզի համայնքին քաղաքական բազմազանութիւնը, որ Լիբանանէն հարիւրամեակներ աւելի մեծ է: Այս մօտեցումը իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ անընդունելի է», ըսաւ Ղարիպ :
Ան ընդգծեց տիւրզի համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան իրաւունքին տէր կանգնելու կարեւորութիւնը եւ բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ տիւրզի համայնքի իրաւունքին նեցուկ կանգնելու նախանձախնդրութիւնը:
Ղարիպ յայտնեց, որ Խալտէի հանդիպումը կոչ կ՛ուղղէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն` տէր կանգնելու Լիբանանին եւ չարտօնելու Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտել` նկատի ունենալով, որ անիկա կը վտանգէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը: