Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2723-ի, իսկ մահացածներունը` 55-ի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իքաթերինի Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանաի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմելի կարիքները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ եւ Պրազիլի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի մէջ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարները դուրս փոխանցելու ճշմարտութիւնը բացայայտելու քայլերը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ քննարկեց Թրիփոլիի վերաբերող շարք մը հարցեր` պահանջելով արագացնել Թրիփոլիի վերջին դէպքերուն մասին բացուած հետաքննութիւնները: Միքաթի կոչ ուղղեց վերջ տալու երկփեղկումին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հրաժարած երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին ու քաղաքացիին դիմագրաւած տագնապները: Մեկնումի պահուն Մուաուատ հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանան պիտի կարենա՞յ իր դիմագրաւած այս տագնապներէն դուրս գալ` առանց արաբական եւ միջազգային օժանդակութեան: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Շէյխ Հասան ընդգծեց Ռուսիոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ սահմանադրական խախտումներ արձանագրուած են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, անդրադառնալով Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ համաձայնագիրին կրած սահմանադրական խախտումներուն, հաստատեց, որ իրենք արտաքին օժանդակութիւնները չեն մերժեր, պայմանով որ անոնք համապատասխանեն երկրին ազգային եւ գերիշխանական սկզբունքներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանին տրամադրուած նախաձեռնութիւնները անոր համար ոսկեայ առիթներ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի չի փափաքիր մագլցումներ արձանագրել, այլ` կառչած կը մնայ կառավարութիւն կազմելու իր յանձնառութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար, դատաւոր Սլէյման Թրապուլսի մահացած է: Ան ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան պատասխանատուութիւնը` 1998-2000, վարչապետ Սելիմ Հըսի նախագահած կառավարութեան մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ երկրին մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կը փափաքին Լիբանանը պահել իբրեւ հրապարակ եւ ոչ թէ պետութիւն: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան վարչակարգի որեւէ բարեկարգումի պարագային պէտք է նկատի ունենալ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը` իր ընդարձակ առումով:

«ՕԺԵՐՕ»-Ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համացանցի ծառայութիւնը կանգ պիտի չառնէ` աւելցնելով, որ յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամերը համացանցի ծառայութիւնը կրնայ դանդաղիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պորաուի Իմամը: Քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարան. «Մեծն Լիբանանը Կը Վերամշակէ «Լիբանանեան Ինքնութեան» Գաղափարը. Լիբանանեան Արուեստի Եւ Գրականութեան Դիտանկիւններ» Նիւթով Առցանց Սիմփոզիում

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը Կազմելու Համար Ամերիկեւիրանեան Երկխօսութեան Սպասելը Ամօթալի Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?