Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան տարբեր մարզերուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Ղաժար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութիւնը բաւարար դրամ ունի ելեկտրականութեան համար նաւթ գնելու` մինչեւ մարտի վերջ:
«Այս իմաստով նախարարութիւնը կը վստահի պետութեան կողմէ տրամադրուելիք առ հաշիւ գումարի մը, որուն չգոյութեան պարագային` մարտի աւարտին կրնանք հասնիլ ելեկտրականութեան հոսանքի ամբողջական ընդհատումին», ըսաւ ան:
Ղաժար նշեց, որ ելեկտրական հոսանքի պարագային իրենք կը ներածեն նաւթը, որուն արժէքը ամերիկեան տոլարով է:
Ան նշեց, որ Իրաքը պատրաստ է Լիբանանին 500 հազար թոն նաւթ մատակարարելու, սակայն Լիբանանի կարիքը մէկ միլիոն թոն է:
Ղաժար յայտնեց, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման միակ միջոցը զայն սեփական մարզին յանձնելն է, «բայց եւ այնպէս ամէն բան կախեալ է Միջազգային դրամական ֆոնտէն», ըսաւ Ղաժար:
Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերու Միութեան Նախագահ. «31 Մարտին Աշխատանքները Պիտի Կասեցնենք, Եթէ Մեզի Դէմ Պարտադրուած Տուրքը Չջնջուի»
Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ապտօ Սաատէ յայտնեց, որ շարժակները 31 մարտին պիտի մարին, եթէ իրենց դէմ պարտադրուած տուրքը չջնջուի:
Ան նշեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարն ու ելեւմուտքի նախարարը իրենցմէ պահանջած են երկու տարուան տուրքեր, որոնք չէին նախատեսուած:
«Հետեւաբար 31 մարտին աշխատանքները պիտի կասեցնենք, եթէ մեզի դէմ պարտադրուած տուրքը չջնջուի», հաստատեց ան:




