Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ երէկ յայտնեց, որ կրթական առումով իրենք լաւատեղեակ են, թէ պետական վարժարաններուն պարագային առցանց դասաւանդումը ի՛նչ վիճակով կ՛ընթանայ, «սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով կարելի չէ այլ ձեւի նախազգուշութիւններու դիմել», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ Լիբանան «Քորոնա» ժահրին դէմ բաւարար պատուաստ չունի, որպէսզի բոլոր քաղաքացիները կարենան պատուաստները ստանալ:
Ան գնահատեց կրթութեան նախարար Թարեք Մաժզուպի կեցուածքը, որ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն զօրակցական կեցուածք է` կառավարութեան դէմ, նոյնիսկ եթէ անիկա ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն է: «Կան հրատապ հարցեր, որոնք տեղւոյն վրայ քայլեր կ՛ենթադրեն», ըսաւ Ապպուտ:
Ապպուտ հաստատեց, որ այս տարի պետական քննութիւններ պիտի կայանան` աւելցնելով, որ պետական քննութիւնները երկրորդ տարուան համար յետաձգելը վտանգաւոր է:



