Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Քապալան մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով Ապպաս Իպրահիմի ճիգերը յաջողութեամբ պսակուին` ընդգծելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն է:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ լիբանանցիները արժանի են կառավարութեան մը, որ իրենց համար բարեկարգումներ իրագործէ: Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապին պատճառը փտածութիւնն է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց «Ազհարի հանդիպում»-ի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սինիորա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընդունելու Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ պետական քննութիւնները առկայ են` աւելցնելով, որ այդ իմաստով որդեգրուելիք գործիքակազմը նկատի պիտի ունենայ տիրող ներկայ պայմանները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութեան դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնք սիմենթ ներածելու արտօնութիւն կը փափաքին ստանալ:

ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մօտ գնելու կարողութիւնը նուազած է` աւելցնելով, որ աղքատութեան համեմատութիւնը 55 առ հարիւրի բարձրացած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հարց տուաւ, թէ արդեօք ոմանց ազգային խիղճը պիտի զարթնի, եւ անոնք պիտի անսա՞ն ժողովուրդին ցաւին ու աղքատութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով կան աշխուժ հաղորդակցութիւններ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ հաստատեց, որ խորհրդարանը պէտք է նիստ մը գումարէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան դէմ դատական հարց յարուցելու համար` նկատի ունենալով, որ ան չ՛աշխատիր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ եթէ կացութիւնը այս թափով շարունակուի, ապա լիբանանեան դրամանիշը պիտի շարունակէ արժեզրկուիլ աւելի արագ թափով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը ազատագրելու Ազգային ազատ հոսանքէն, որ իր լուծին տակ առած է բոլոր լիբանանցիները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջարկած է նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը գլխաւորէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող նոր նախաձեռնութիւն մը, որուն համաձայն` 20 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մը առաջարկ գոյութիւն ունի` առանց քաղաքական որեւէ կողմի վերապահելու կառավարութեան որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի բաժին ունենալու առաւելութիւնը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Յաջորդը

Տիապ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուելիք Տեղեկագիրը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.