Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուելիք Տեղեկագիրը

March 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի գործավար Նաժաթ Ռուշտին` ներկայութեամբ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի եւ դեսպան Ժըպրան Սուֆանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուելիք տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` հոգալու համար քաղաքացիներուն կարիքները:

Միւս կողմէ, Տիապ նախագահեց կրթական բնոյթ ունեցող նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Թալալ Հաուուաթ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ, ինչպէս նաեւ կրթական մարզի կարգ մը պատասխանատուներ:

Քննարկուեցան կրթական մարզին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն ի գործ դրած ճիգերը` ներկայ այս դժուար պայմաններուն մէջ:

Նիստի ընթացքին Տիապ ընդգծեց աշակերտներուն աստիճանաբար դպրոց վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը` որդեգրելով պէտք եղած բոլոր նախազգուշութիւնները:

Տիապ շեշտեց նաեւ ուսուցիչները պատուաստելու, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն թեքնիք եւ գումակային կարիքները ապահովելու կարեւորութիւնը:

Նիստէն ետք Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ որոշուած է դպրոցները վերաբանալ 22 մարտին, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:

«Դպրոցներուն վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ աստիճանաբար` սկսեալ պետական քննութիւններ ունեցող դասարաններէն», ընդգծեց Մաժզուպ:

Տիապի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութիւնը ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան:

Ասմար յայտնեց, որ Տիապի հետ քննարկած են ներկայ իրադարձութիւնները եւ շեշտած  բարեկարգումի ու փրկութեան կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը: «Պէտք է կազմել արտակարգ պայմաններու կառավարութիւն մը, որ կարենայ քայլ պահել ներկայ տնտեսական ծանր տագնապը լուծելու քայլերուն հետ: Կը պահանջենք կազմել կառավարութիւն մը, որ նուազագոյն  քաղաքական կայունութիւնը ապահովէ` առիթ տալով տնտեսական հարցերուն լուծման», ըսաւ Ասմար:

Ան շեշտեց, որ ներկայ պայմաններով Լիբանանի աշխատաւոր դասակարգին շնորհուած է լեղի բաժակը: Լիբանանցի աշխատաւորի գնելու կարողութիւնը ջլատուած է, իսկ սղաճը 85 առ հարիւրի հասած:

«Պէտք է աշխատաւորները հատուցել, անոնց ընկերային ծառայութիւններ տրամադրել, ընտանեկան հատուցումներ եւ փոխադրածախս, ինչպէս նաեւ կրթական նպաստներ տրամադրել: Կը պահանջենք սրբագրել պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաներուն աշխատավարձը», շեշտեց Ասմար` աւելցնելով, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պիտի հետեւի զարգացումներուն եւ փողոցի ընտրանքին պիտի դիմէ` կառավարութեան կազմութեան նպատակով ճնշում բանեցնելու:

Նշենք, որ Տիապ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան 2 ապրիլ 2021-ին` Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2021-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մշարրաֆիէի Հետ Քննարկեց Անոր Սուրիա Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.