Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Սուրիոյ հետ արագ եւ գործնական քայլերու դիմելու, որպէսզի Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները կամովին եւ ապահով կերպով տունդարձ կատարեն:
Ան նշեց, որ սուրիացի պատասխանատուներուն հետ իր կատարած խորհրդակցութիւնները եղած են դրական ու քաջալերական:
«Սուրիացի բոլոր նախարարները, որոնց հետ հանդիպեցայ, գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին` գործնականացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը», ըսաւ ան:
Մշարրաֆիէ շեշտեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւններէն երաշխիքներ ստացած է` իրականացնելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն արժանապատիւ եւ ապահով տունդարձը, որուն ընթացքին տեղահանուածներուն ապահովութիւնը պիտի ըլլայ երաշխաւորուած:



