Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Ելեկտրոնային Խաղերու Ֆետերասիոնի Խորհուրդը

March 12, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նաեւ Լիբանանի ելեկտրոնային խաղերու ֆետերասիոնի խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեանի, ընկերակցութեամբ ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ամրոյի եւ խորհուրդի անդամներ Ժատ Քաաքուրի, Մոհամետ Քաուսարանիի, Ժիհատ Թապեթի եւ Շարպել Հըլուի:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան վստահութիւն յայտնեց խորհուրդին, անոր նախագահին ու անդամներուն` հաստատելով, որ անոնց պատասխանատուութիւնը մեծ է: «Դուք պէտք է Լիբանանի եւ օտար երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները ուղղէք, ընդհանուր համակարգ եւ գործիքակազմ մշակէք, ինչպէս նաեւ ներքին առումով ելեկտրոնային խաղերու մարզը անյապաղ կազմակերպէք` ճշդելով ձեր ունենալիք աշխատանքներուն տարեկան ծրագիրն ու ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ մրցանակներուն ցանկը:

Խորհուրդը պէտք է մշակէ նաեւ ուսումնասիրութիւն մը, որ կը ներառէ ելեկտրոնային խաղերը զարգացնելու եւ տարածելու միջոցներու գործադրութեան գործիքակազմեր: Այդ ծրագիրները պէտք է տարածուին յատկապէս կրթական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ գիտական եւ առեւտրական կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ պէտք է գործակցիլ` զանոնք մղելով արտօնագիրներ եւ բաժանորդագրութիւններ շնորհելու», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ խորհուրդը հսկայական աշխատանք ունի կատարելիք` կազմակերպելու համար այս մարզը, որ քաոսային վիճակի մէջ կը գտնուի: «Ելեկտրոնային խաղերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող սերունդի մը հանդէպ դուք ունիք կրթական, մշակութային եւ բարոյական պատասխանատուութիւն, նախքան` մարզական պատասխանատուութիւնը: Անշուշտ ձեր աշխատանքի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ իմանալ եւ զսպել այն կողմերը, որոնք նման ծրագիրներ եւ խաղեր կը շահագործեն` մեր սերունդներուն հաշուոյն առեւտրական եւ անձնական շահեր իրականացնելու համար», հաստատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Իր կարգին, Պօղոս Քենտիրճեան յայտնեց, որ Լիբանանի ելեկտրոնային խաղերու ֆետերասիոնի խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ նախարարին` իր վստահութեան համար, եւ կը հաստատէ, որ խորհուրդը կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլայ դիմագրաւելու համար, մարտահրաւէրները: Խորհուրդը նախ պիտի կազմակերպէ իր աշխատանքը, ճշդէ առաջնահերթութիւնները եւ ապա մշակէ գործունէութեան իր ուղեգիծը:

Նախորդը

Պըրրի Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Իսրայէլեան Նաւթի Կաթեցումին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Վ. Օհանեան-Գէորգեանին Ներկայացուց Մարմնակրթութեան Մարզը Զարգացնելու Իր Ծրագիրը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.