Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ կը զգուշացնէ իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկացիներուն կոչ կ՛ուղղէ վերատեսութեան ենթարկելու Լիբանան ճամբորդելու իրենց որոշումը` հաւանական նկատելով Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական գործողութիւններու բռնկումը, ինչպէս նաեւ սպանութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ հանրային փոխադրամիջոցի սակը 30 առ հարիւրով բարձրացնելու, այսինքն` 4000 լ. ոսկիի վերածելու որոշումը ժամանակաւոր է եւ կը գործադրուի միայն երկրին ամբողջական փակումին ընթացքին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա նշեց, որ պէտք է վերջ տալ կարգախօսներուն, ինչպէս` փտածութեան դէմ պայքարի իշխանութիւն եւ այլն, ինչպէս նաեւ աշխատիլ կազմելու համար կառավարութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Պուսթանի կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ եւ Լիբանանի զարթօնքի ծրագիրներուն ֆինանսաւորում կ՛ապահովէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ Հըզպալլա միլիս մըն է, որ երկիրը առաջնորդած է դէպի քանդում: Ան հաստատեց, որ իրենք լրիւ կը բաժնեն լիբանանեան բանակի հրամանատարին կեցուածքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումը անհրաժեշտ է, պայմանով որ անիկա իրականացուի արդիւնաբերութիւնը աշխուժացնելով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով կան ջանքեր, որոնց արդիւքներուն լոյսին տակ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի մօտիկ ապագային կրնայ Պաապտա ուղղուիլ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը մարտի կիսուն պիտի այցելէ Ռուսիա: Կը նախատեսուի, որ պատուիրակութեան մաս կազմէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պետական եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ:

 

Նախորդը

«Մարալ Նաճարեան, Մենք Բոլորս Կողքիդ Ենք, Որովհետեւ Դուն Մեզ Կը Ներկայացնես» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Սահմանագծում Կատարելու Առումով` Իսրայէլացի Նախարար Մը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Հետ Լուծման Մը Յանգելու

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.