Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պատժամիջոցներ որդեգրեց Հըզպալլայի մօտիկ 7 լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ: Անոնք են` Իզզաթ Եուսեֆ Աքար, Իպրահիմ Ալի Տահեր, Ապպաս Հասան Ղարիպ, Մուսթաֆա Հապիպ Հարպ, Հասան Շհատէ Օսման, Հայտար Մահմուտ Սպէյթի եւ Ահմետ Մոհամետ Եազպեք:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեր վկայած տագնապը շինծու է եւ անոր նպատակն է Դիմադրութեան թեւը կոտրել, սակայն այդ փորձերը պիտի աւարտին ձախողութեամբ, որուն հիմամբ նախկին համաձայնութիւններու վերադարձ պիտի կատարուի, ինչպէս նաեւ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին` ապահովելու համար ազատութեամբ եւ գերիշխանութեամբ գործելու լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքը:



