Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 302 վարակուածներ եւ մահացած 21 ուրիշներ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Պէյրութի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր: Ուեհպէ Մարթինին յաջողութիւն մաղթեց` դրուատելով Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչին դերակատարութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները: Ֆըրզլիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու հոլովոյթին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի փլուզման:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ տրամաբանական եւ ընդունելի չէ, որ շուկային մէջ գտնուող արտադրութիւններուն սակերը այսքան բարձր մնան: Ան կոչ ուղղեց շահագործումը կասեցնելու եւ ազգային գիտակցութեամբ վարուելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խմբաւորումը, այսինքն` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, կը պնդեն երկիրը դէպի փլուզում տանելու ընտրանքը, եթէ իրենց պահանջները չկատարուին:

Հաժժար յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հանդիպումին քննարկուած են երեք հարցեր. ա) Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը տակաւին կը գտնուի սեղանին վրայ, եւ Ֆրանսա ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ պիտի չդառնայ, բ) Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, եւ գ) Լիբանանի դէմ պիտի գործադրուին շարք մը պատժամիջոցներ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ զգուշացուց բռնկելիք ժողովրդային ցասումէն: Ան կոչ ուղղեց տնտեսական եւ ընկերային արտակարգ վիճակ յայտարարելու:

ՍԵԼԻՄ Սլամ շրջանին մէջ գտնուող բնակարանային համալիրի մը շէնքերէն մէկուն մէջ հսկայ հրդեհ մը բռնկած է` մազութի տակառի մը պատճառով:

ԱՄԱԼ շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ քաղաքական ուժերուն միջեւ ամբաստանութիւններու փոխանակումը սկսած է հարցականի տակ առնել գոյատեւելու կարելիութիւնը:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հալպայի սպանդի թղթածրարը ժամանակի ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ փակել եւ մոռացութեան ենթարկել: «Կը խոստանանք նահատակներուն` չզլանալ արդարութիւնը իրագործելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, բարեկամներու մակարդակի վրայ խորհրդակցութեան ճիգեր կը նշմարուին` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Տրցակ Մը Լուսանկարներու Հետ

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Պէտք Է Կազմել Փոխանցման Շրջանի Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Կասեցնէ Երկրին Փլուզումը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?