Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 544 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու Լիբանան-Եգիպտոս երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալաուի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ նշանակեալ վարչապետին հրաժարիլը քաղաքական ինքնասպանութիւն է` աւելցնելով, որ ներկայ իշխանութիւնները պէտք է իրենց մտայնութիւնը փոփոխութեան ենթարկեն եւ ձեռնարկեն հայրենիքը փրկելու տարբեր ելքերու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպան Մարիկ Վարկան, որուն հետ քննարկեց Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Կը նախատեսուի, որ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լիբանանեան կարգ մը շրջաններու տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրէ` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ընդմէջէն:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ բացումը կատարուի Սլովաքիոյ նոր դեսպանատան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց հետեւեալը. «Այնքան ատեն որ Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու անոնց դաշնակիցները իշխանութեան վրայ կը գտնուին, ամէնօրեայ դրութեամբ նոր տագնապներու ականատես պիտի ըլլանք»:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ կարելի չէ մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները մնալ առանց կառավարութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու Շարլ Ժապպուր յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Մար Մխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը սատանայական դաշինք անուանելը մաս կը կազմէ Լիբանանի մէջ նոր իշխանութիւն մը արտադրելու պահանջին:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Քազան Քաղաքի Դպրոցին Մէջ Կրակոցի Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Պասիլ. «Նախքան Ամբողջական Ծրագիրի Ներկայացումը, Վաւերացումն Ու Ֆինանսաւորումը` Նպաստը Պէտք Չէ Կասեցնել»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?