Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ պաղեստինեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս Աքսայի մզկիթին դէմ յարձակումին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին միջամտելու` արգիլելու համար Իսրայէլի բռնարարքները:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ, ինչպէս որ առանց իրաւունքները յարգելու արդարութիւն չկայ:
Նախագահ Աուն ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին գոյատեւումը` հաստատելով, որ ուժի գործադրութեան, իրաւունքներու ոտնահարումի եւ բռնագաղթի ենթարկելու սկզբունքը լուծումներ չի կրնար ապահովել, այլ` կրնայ բարդացնել կացութիւնը եւ յաւելեալ վայրագութեան ու բռնարարքներու դուռ բանալ, անիրաւութիւն պարտադրել, ինչպէս նաեւ խախտել միջազգային այն որոշումը, որ կը վերաբերի մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ պետութիւն ունենալու պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքի գործադրութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նամակ մը ստացաւ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէէն, որ նախագահ Աունէն պահանջեց արագ շարժիլ` որդեգրելու համար յստակ կեցուածքներ եւ աշխատելու` արաբական, իսլամական եւ միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական կեցուածքներ ձեւաւորելու, դիմադրելու համար իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ:
Հանիէ յայտնեց, որ պաղեստինցիները պիտի շարունակեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն համար, անոնք պիտի պայքարին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ պաղեստինեան պետութիւն կերտել` Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ մայրաքաղաքը:
Ռայի Պատրիարքը Կը Դատապարտէ
Իսրայէլեան Բռնարարքները
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները եւ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին ու Պաղեստինեան դատին նկատմամբ:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին` պաղեստինցիներու սպանութեան առիթով, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն եւ ազատ արձակում` բանտարկեալներուն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Արաբական լիկային յստակ եւ վճռական կեցուածքով հանդէս գալ` շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը` դիմադրելու համար ներկայ վտանգաւոր փուլին հետեւանքներուն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կառչած մնալու Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան:



