Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 11 մայիս 2021-ին, բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց վառելանիւթ եւ ալիւր մաքսանենգող 10 յանցագործներ, որոնցմէ 8-ն լիբանանցիներ են, իսկ 2-ը` սուրիացիներ:
Անոնք բեռնատարներուն վրայ բեռցուցած էին 4200 լիթր պենզին, 8000 լիթր մազութ եւ 13 թոն ալիւր:
Բանակը հետաքննութիւն բացաւ եւ սկսաւ հարցաքննել ձերբակալեալները, ինչպէս նաեւ գրաւուած իրերը յանձնեց համապատասխան մարմիններուն: