Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Սահմանային Իր Պատրաստուածութիւնը Կը Բարձրացնէ Հարիւր Առ Հարիւրի

May 10, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ` երէկ սկսած իսրայէլեան ռազմափորձին իբրեւ նախազգուշութիւն Հըզպալլա սահմանային իր պատրաստուածութիւնը բարձրացուց հարիւր առ հարիւրի:

Տեղեկատուական վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ յուլիսեան պատերազմէն ի վեր Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով է, որ այսքան կազմ ու պատրաստ ներկայութիւն կը դառնայ սահմանամերձ շրջանին մէջ` ընդգծելով, որ իսրայէլեան ուժերը կը դիմեն 2006-ի յուլիսեան պատերազմը կանխած նոյն քայլերուն:

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կատարելիք ռազմափորձը լուրջ վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա սահմանագծումին միջամուխ պիտի չդառնայ` հաստատելով, որ այս իմաստով Լիբանան տկար հարթակի վրայ չի գտնուիր:

Ան զգուշացուց թշնամի Իսրայէլը` Լիբանանի դէմ քայլերու դիմելէ` աւելցնելով, որ իրենք արթուն պիտի հսկեն ռազմափորձերուն եւ յարմար բոլոր քայլերուն պիտի դիմեն կացութիւնը հանդարտ պահելու նպատակով:

«Սակայն Լիբանանի դէմ գործուելիք իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի կամ սխալի պարագային, ներողամիտ պիտի չգտնուինք եւ զայն պիտի չխնայենք», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով պաղեստինցի ժողովուրդին, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին, գոյատեւումն ու դիմադրելու կամքը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմին ու իր արդար իրաւունքներուն կառչածութիւնն ու հրապարակի վրայ իր մնայուն ներկայութիւնը շատ կարեւոր են եւ ամբողջ Դիմադրութեան օրինականութիւն կը պարգեւեն:

 

 

Նախորդը

«Լիբանան Իր Արդի Պատմութեան Ամէնէն Տագնապալի Օրերը Կ’ապրի` Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Առումով» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կ’ողջունէ Բուժաշխատողներն Ու Նահատակները` Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Օրուան Առիթով

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.