Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Մութի Մատնելու Եւ Նպաստը Կասեցնելու Հաւանականութիւնները Խուճապահար Կը Դարձնեն Քաղաքացիները

May 10, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետութեան կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստի կասեցման հաւանականութիւնը կը մնայ լիբանանցիներուն մօտ ինքզինք պարտադրող ամէնէն ծանր նիւթը:

Վառելանիւթի տագնապին եւ երկիրը մութի մատնելու հաւանականութիւնները իրենց կարգին քաղաքացիին մօտ ստեղծած են խուճապ եւ անհանգստութիւն:

Շարունակուող անորոշութեան եւ պետութեան բացակայութեան զուգահեռ, դեղորայքի եւ բուժական այլ միջոցներու, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզի օգտագործած սարքերուն եւ պիտոյքներուն նպաստի կասեցման տարբերակը նաեւ առկայ էր լիբանանցիներուն մօտ, սակայն անիկա ձեւով մը հակակշռուեցաւ, երբ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան հաստատեց, որ առողջապահական մարզի պարագային դեղորայքին ու բուժական այլ միջոցներուն տրամադրուած պետութեան նպաստին վերացումը կարմիր գիծ է:

Միւս կողմէ, երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերսկսելու ոչ մէկ քայլ առնելու միտում գոյութիւն ունի, բայց եւ այնպէս դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը ծրագրէ լիբանանցի ղեկավարները հրաւիրել Փարիզի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նահանջը կասեցնել եւ կազմել կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումները կը գործադրէ եւ երկրին արտաքին նիւթական օժանդակութիւն կ’ապահովէ:

Նշենք, որ Երուսաղէմի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Երուսաղէմը պիտի շարունակէ արիւնիլ, այնքան ատեն որ ուժը, բռնագաղթն ու իրաւազրկումը կը մնան տիրող սկզբունքներ: «Եթէ նպատակը խաղաղութիւնն է, ապա բոլորը, յատկապէս` միջազգային ընտանիքը, թող իմանան, որ առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ, իսկ առանց իրաւունքները յարգելու արդարութիւն չկայ», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց Երուսաղէմը` շեշտելով, որ Երուսաղէմի բնակիչներն են, որոնք մնայուն կերպով կը դիմադրեն ամբողջ ազգին եւ մարդկութեան փոխարէն, որպէսզի դարձեալ չպարտուինք, եւ տանուլ չտրուի մարդկային արժանապատուութեան ու երկնային պատգամներուն մնացորդացը:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած բռնարարքներն ու սրբապղծութիւնները:

Իսկ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած բռնարարքները դատապարտելի են:

Հաղորդագրութիւնը կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին այս իմաստով արագ եւ անմիջական շարժումի նախաձեռնելու:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կ’ողջունէ Բուժաշխատողներն Ու Նահատակները` Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Օրուան Առիթով

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Հիմնադրութեան Արարողութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.