Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ արտակարգ որոշումով մը 4 օգոստոսը նկատեց ազգային սուգի օր:
Միւս կողմէ, Տիապ երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն յայտնեց, թէ անոնց վէրքը խոր է ու վիշտը ծանր:
«Ձեր ցաւը մեծ է, եւ աշխարհին մխիթարութիւնը պիտի չհատուցէ ձեր կորուստը եւ պիտի չվերադարձնէ ձեր սիրելիները: Ձեր ցասումը հասկնալի է եւ իրաւացի, որովհետեւ այդ պատահարը հետեւանք էր երկրին մէջ տիրող փտածութեան», ըսաւ ան:
Տիապ հաստատեց, որ Պէյրութի պայթումի զոհերուն հարցը հայրենիքի հարց է եւ ոչ թէ անձնական խնդիր մը, որ միայն զոհերուն ընտանիքներուն կը վերաբերի: «Այդ պատճառով ալ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով եւ քաղաքական ուժերը իրենց բոլոր գունաւորումներով առնչուած են այս թղթածրարին, անոր մանրամասնութիւններուն եւ հետեւանքներուն», յայտնեց Տիապ` շեշտելով, որ այդ հարցը մշուշոտ դարձնելու իմաստով կողմնակի կեդրոնացում կատարուեցաւ:
Տիապ հաստատեց, որ փտածութիւնը տիրական է պետութեան մէջ` ընդգծելով, որ նաւահանգիստի պայթումին գլխաւոր պատասխանատուն պետութիւնն է: «Անշուշտ պէտք է պայթումին կապուած ամբողջ ճշմարտութիւնը իմանալ, որպէսզի զոհերուն հոգին հանգստանայ: Իսկ պայթումէն տուժած` ֆիզիքապէս վիրաւորուած եւ տուն կորսնցուցած քաղաքացիները իրաւունք ունին իմանալու ճշմարտութիւնը: Կը խոստովանիմ, որ փտածութիւնը տապալեց զիս, որովհետեւ անոր դէմ գրեթէ առանձին կը կռուէի, այդ պատճառով ալ բոլորս պէտք է միասնականութեամբ գործենք, որպէսզի յաղթենք փտածութեան», շեշտեց ան:



