Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 81 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան շեշտեց, որ իրենց դեղորայքի մաֆիային դիմադրելու պատիւը ունին` աւելցնելով, որ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն բժշկական պիտոյքներուն սակերը: Ան շեշտեց, որ առողջապահական անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է, եւ դեղորայքի վաճառքը չարաշահողներուն ու անոնց փտածութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները վերացնելու ելքերն ու լուծումները առկայ են` աւելցնելով սակայն, որ ոմանք կ՛արգիլեն այդ լուծումներուն գործադրութիւնը: Ան շեշտեց, որ այս օրերուն ականատես կը դառնանք հրկիզուած ժողովուրդի մը քաղաքականութեան, իսկ երկրին պատասխանատուները խեղդուած են դժոխային խաղի մը մէջ, ուր կ՛իշխէ անձնասիրութիւնը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մուրթատա կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի ժողովուրդը չշարունակէ ենթակայ մնալ խայտառակութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ ժողովուրդը խայտառակելու իրականութիւնը խիստ մերժելի է` հաստատելով, որ դեղորայքի վաճառականներուն անյագ ընթացքը աներեւակայելի է եւ անհանդուրժելի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ամերիկեան շրջափակումի տակ, իսկ Եգիպտոս չկրցաւ համոզել Սէուտական Արաբիան` նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին զօրակցելու իմաստով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է ուղղուի Պաապտա եւ նախագահական պալատէն դուրս չգայ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ փրկութեան կարողութիւններով օժտուած ազդու կառավարութիւն մը կազմելը դարձած է ազգային անհրաժեշտութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ ժողովուրդը խայտառակուելու ենթակայ դարձնող պատասխանատուները սեւ շուկայի վրայ իրենց հայրենիքը առեւտուրի վերածած չարաշահողներն են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի թելադրած է որոշ ժամանակ մը համբերել, սակայն համբերութիւնը սահման ունի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ քաղաքացիին դիմագրաւած առկայ խայտառակութիւններուն դիմաց` կառավարութեան կազմութիւնը վերածուած է կատակի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ յուսալքութեան, աղքատութեան եւ խայտառակութեան համաճարակը շատ աւելի վատ է, քան` «Քորոնա»-ի համաճարակը:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական համախմբումը հաստատեց, որ քաղաքացիներուն տառապանքը մեղմացնելու հիմնական մուտքը կառավարութեան կազմութիւնն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի հաստատեց, որ նշանակեալ վարչապետը կառչած կը մնայ սահմանադրական իր իրաւասութիւններուն, եւ կառավարութեան կազմութեան առումով անոր դիմաց բաց կարելիութիւններ կան:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Փարիզի մէջ գտնուող արաբական երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ:

 

 

 

Նախորդը

«Պէտք Է Ձերբազատուիլ Այս Իշխանութենէն, Որուն Պատճառով Հայութիւնը Ապրեցաւ Անկախ Հայաստանի Նորագոյն Պատմութեան Ամէնէն Աղէտալի Էջերը` Կորսնցնելով Արցախի Մեծ Մասը»

Յաջորդը

Աքըր. «Լիբանանի Մէջ Պատահածը Մարդկութեան Դէմ Գործուող Ոճիր Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.