Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ «Ֆայզըր» Պատուաստի Մարաթոն

June 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ վաղը` շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումի «Ֆայզըր» մարաթոն, որուն կրնան մասնակցիլ 55 տարիքը բոլորած եւ աւելի երէց քաղաքացիները լիբանանեան բոլոր նահանգներուն մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Մարաթոնին կրնան մասնակցիլ նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցող անհատները, որոնք 16 տարիքը բոլորած եւ աւելի երէց քաղաքացիներ են:

Նախարարութիւնը հաստատեց, որ մարաթոնին մասնակցող քաղաքացիները պէտք է արձանագրուած ըլլան նախարարութեան ե-հարթակին վրայ:

Նախարարութիւնը հաստատեց, որ յանձնառու կը մնայ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի լիբանանեան հասարակութեան մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ հաւաքական դիմադրողականութիւն ստեղծուի:

Նախարարութիւնը հրապարակեց նաեւ ցանկը այն հիւանդանոցներուն, ուր կարելի է պատուաստումի մասնակցիլ: (Հիւանդանոցներուն ցանկը տեսնել լուրին կցուած ցուցակով):

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան նախանցեալ օր Տորայի «Սիթի մոլ»-ին մէջ բացումը կատարեց պատուաստումի «Մեկա սենթըր» կեդրոնին, որ պիտի գործէ Լիբանանեան Կարմիր խաչին տնօրինութեամբ:

Հասան հաստատեց, որ պատուաստումի «Մեկա սենթըր»-ի գաղափարը հիանալի է` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ չկայ նման կեդրոն:

Ան ընդգծեց, որ «Մեկա սենթըր»-ին մէջ կարելի է ամէնօրեայ դրութեամբ հինգ հազար հոգի պատուաստել:

Անդրադառնալով դեղորայքի տագնապին` Հասան շեշտեց, որ նախարարութիւնը անհրաժեշտ քայլերուն պիտի դիմէ, որովհետեւ կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է:

Երէկ յետմիջօրէին Համատ Հասան Համրայի մէջ ներխուժեց պահեստանոց մը, որուն մէջ ամբարուած էին մեծ քանակութեամբ դեղորայք եւ երեխաներու յատուկ կաթ` զանոնք սեւ շուկային վրայ վաճառելու նպատակով:

Նշենք, որ երէկ նախարարութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ Կեդրոնական դրամատունը խոստացած է այս շաբթուընէ սկսեալ դեղորայքին նպաստ տրամադրել:

Աւելի ուշ, առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հոգատարութեան բաժանմունքի

տնօրէն Ժոզեֆ Հըլու յայտնեց, որ  դեղորայք պիտի ապահովուի եւ տագնապը պիտի լուծուի, ինչպէս որ նախարարի պաշտօնակատարը խոստացած էր:

Բայց եւ այնպէս կարգ մը դեղարաններ ստիպուած պիտի փակեն իրենց դռները` նկատի ունենալով, որ իրենց մօտ դեղորայքը սպառած է:

Միւս կողմէ, հիւանդանոցներու սենտիքան յայտարարեց, որ հիւանդանոցները կը դիմագրաւեն հիւանդանոցային անհրաժեշտ պիտոյքներու լուրջ տագնապ մը, որուն պատճառով կրնան բժշկական ծառայութիւնները կասեցուիլ:

 

Նախորդը

Կեդրոնական Դրամատունը 12.000-ի Սակին Հիման Վրայ Ամերիկեան Տոլար Պիտի Վաճառէ Դրամատուներուն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Չափակէյնէն Խնդրեց Օժանդակել` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Լիբանանի Պահանջին

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.