Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է` Կառավարութեան Կազմութեան Առումով» Շեշտեց Պըրրի

June 9, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ մէկ ամերիկեան տոլարին սակը երէկ հասաւ 14.000 լ. ոսկիի:

Լիբանանեան դրամանիշին կրած այս արժեզրկումը, ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող սղաճը, լիբանանցիին ապրուստի ահաւոր պայմանները, որոնց զուգահեռ կը յամենայ քաղաքական անորոշութիւնը, երկրին մէջ կը ստեղծեն յաւելեալ յուսալքուածութեան մթնոլորտ մը:

Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պիտի վերադարձուին 30 յունիս 2021-էն սկսեալ: Այդ գումարները ամսական դրութեամբ 400 ամերիկեան տոլարի սահմանափակումով պիտի վերադարձուին քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամանիշով 400 տոլարին համազօր գումար մը:

Կեդրոնական դրամատան որոշումին համաձայն, 400 ամերիկեան տոլարով տրուելիք գումարը կարելի է նաեւ դուրս փոխանցել:

Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ այս շաբաթը վճռորոշ է` կառավարութեան կազմութեան առումով, որովհետեւ Լիբանան այլեւս հանդուրժելու կարողութիւն չունի:

«Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի հարցը հարիւր առ հարիւր ներքին է` աւելցնելով, որ բոլորը կը փափաքին օժանդակել Լիբանանին, սակայն լիբանանցիներէն կ՛ակնկալուի, որ նախ եւ առաջ իրենք իրարու օգտակար հանդիսանան», յայտնեց Քսսայֆի:

Մինչ խորհրդարանի նախագահը կը խօսի վճռորոշ շաբթուան մը մասին, Լիբանանի տարածքին գործող տարրալուծարանները հերթաբար կը ստիպուին դադրեցնել իրենց աշխատանքները եւ լաւագոյն պարագային խնդրել տարրալուծարանային քննութեան անմիջական կարիքը չունեցող քաղաքացիէն կարճ ժամանակով յետաձգել իր քննութիւնը:

Նշենք, որ տարրալուծարանները տակաւին կը պահեն իրենց նոյն սակերը եւ քննութիւններուն համար յաւելեալ գումարներ չեն պահանջեր:

Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ուղղուելու դէպի դեղորայքի պահեստանոցներ եւ ազատագրելու հոն պահուող դեղորայքը, եթէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ խոստանայ դեղորայքին տրուած նպաստը շարունակել:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ ապահովագրութեան ընկերութիւնները պէտք է քաղաքացիին եւ պետութեան հանդէպ իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն:

Նախորդը

«Դատաւորները Պէտք Է Կառչած Մնան Իրենց Պարկեշտութեան Եւ Իրենք Զիրենք Զերծ Կացուցեն Այս Կամ Այն Խմբաւորումին Հետեւորդները Դառնալէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ազրպէյճան Գերեվարած Է Եւ Ապա Վերադարձուցած Հայ Զինուոր Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.