Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դատաւորները Պէտք Է Կառչած Մնան Իրենց Պարկեշտութեան Եւ Իրենք Զիրենք Զերծ Կացուցեն Այս Կամ Այն Խմբաւորումին Հետեւորդները Դառնալէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

June 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սայտայի մէջ լիբանանցի 4 դատաւորներու սպանութեան 22-րդ տարելիցին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց նահատակ դատաւորներուն յիշատակը` ընդգծելով, որ 8 յունիս 1999-ին զինեալներուն դատարան մուտք գործելն ու դատաւորներուն սպանութիւնը կը մնայ քստմնելի ոճիր մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ արտակարգ է:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց դատաւորներ Ուալիտ Հարմուշի, Հասան Օսմանի, Ասեմ Ապու Տահերի եւ Իմատ Շեհապի սպանութիւնը` զանոնք կոչելով արդարութեան նահատակներ:

«Այս առիթով կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր դատաւորներուն կառչած մնալու իրենց իսկական անձեռնմխելիութեան, որն է պարկեշտութիւնը եւ ինքզինք այս կամ այն խմբաւորումին հետեւորդը դառնալէ զերծ կացուցելը: Այդպիսով է միայն, որ Լիբանանի մէջ հաշուեքննութիւն կը կատարուի եւ բարգաւաճում կ՛իրականանայ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը` ընկերակցութեամբ «Ժաննա»-ի ամբարտակին հետեւող յանձնախումբին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Ժաննա»-ի ամբարտակի աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները` հաստատելով, որ այդ ամբարտակի շինութեան աւարտը կարեւոր է Պէյրութի եւ Ժիպէյլի շրջաններուն ջուր մատակարարելու, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան համար:

Ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին այդ ամբարտակին շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցնել:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ֆարիտ Պուսթանին, որ ներկայացուց յանձնախումբին ի գործ դրած ջանքերը` լիբանանեան արտադրութիւնները Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ արտածելու ուղղութեամբ:

Պուսթանի յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն հատուցման քարտ շնորհելու ծրագիրը, որ ներկայացուած էր Հզօր Լիբանան համախմբումին կողմէ:

Ան աւելցուց, որ քննարկուած են նաեւ Շուֆի կարիքները` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահը հաստատած է Լեռնալիբանանի ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Երբ Յուսախաբ Դառնանք Լիբանանեան Պետութեան Ցուցաբերած Թերացումներէն` Վառելանիւթը Իրանէն Պիտի Գնենք»

Յաջորդը

«Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է` Կառավարութեան Կազմութեան Առումով» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.