Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Չափակէյնէն Խնդրեց Օժանդակել` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Լիբանանի Պահանջին

June 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Կարմիր խաչի ու Կարմիր մահիկի միութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ճական Չափակէյնը, որուն յայտնեց Լիբանանի գոհունակութիւնը այն օժանդակութեան համար, որ համադաշնակցութիւնը կը յատկացնէ Լիբանանին:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն մէջ Կարմիր խաչի ու Կարմիր մահիկի միութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան գրասենեակին Պէյրութ գտնուիլը կը փաստէ համադաշնակցութեան վստահութիւնը` Լիբանանին եւ շրջանին ու աշխարհին մէջ անոր դերակատարութեան նկատմամբ:

Ան շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք համադաշնակցութեան` լիբանանցիներուն տրամադրած օժանդակութիւնները եղած են տպաւորիչ, յատկապէս պայթումէն տուժած 9.800 ընտանիքներու տրամադրուած նիւթական եւ սննդեղէնի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեբանական օժանդակութիւնը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց համադաշնակցութեան` «Քորոնա» ժահրին դէմ անոր մղած արշաւին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ աշխատանքը համադրելու առումով:

Ան Չափակէյնի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն ու անոր ունեցած հետեւանքները` լիբանանեան բոլոր մարզերուն վրայ:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Չափակէյնին զօրակցելու սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձը երաշխաւորելու Լիբանանի պահանջին: Ան նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կրնան վերադառնալ Սուրիոյ այն վայրերը, ուր զինուորական գործողութիւնները աւարտած են` նկատել տալով, որ մեծ թիւով տեղահանուածներ արդէն իսկ տունդարձ կը կատարեն Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն վատթարացման պատճառով:

Չափակէյն իր կարգին հաստատեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` շարունակելով իր աշխատանքները համադրել Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ:

Չափակէյն բարձր գնահատեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ Լիբանանի Կարմիր խաչին տարած աշխատանքը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհին, ինչպէս նաեւ վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիին տարեկան դրութեամբ Լիբանանին տրամադրուելիք 500 հազար թոն վառելանիւթը բարձրացնելու մէկ միլիոն թոնի` իբրեւ օժանդակութիւն երկրին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն դէմ:

Նախորդը

Առողջապահութեան Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ «Ֆայզըր» Պատուաստի Մարաթոն

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ի Որոշումով Ազրպէյճան Տրամադրած Է Գերավարուած Վեց Հայ Զինուորներու Վիճակին Մասին Փաստաթուղթերը, Ինչպէս Նաեւ Անոնց Առաջադրուած Մեղադրանքները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.