Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Երբ Յուսախաբ Դառնանք Լիբանանեան Պետութեան Ցուցաբերած Թերացումներէն` Վառելանիւթը Իրանէն Պիտի Գնենք»

June 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով:

Ան բարձր գնահատեց «Մանար»-ի առաքելութիւնն ու 30-ամեայ դերակատարութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր առողջութեամբ մտահոգ էին` հաստատելով, որ իր առողջութիւնը լաւ է եւ կը գնահատէ հարցնողներուն արտայայտած սէրը իր հանդէպ:

«Առողջական վիճակս լաւ է եւ տակաւին կ՛երազեմ ու մեծ յոյսեր ունիմ Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթելու», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք բնաւ չեն մտածած երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու մասին եւ այդ իմաստով ոչ մէկ դաշնակիցի հետ քննարկում կատարած են:

«Միւս կողմէ, տակաւին կը մերժենք կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը եւ ատիկա ժամանակի կորուստ կը նկատենք», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Իր խօսքը ուղղելով կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ պահանջող քաղաքական ուժերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ մասին խօսելու փոխարէն անոնք կրնան կառավարութիւն կազմել:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին Պըրրիին եւ կը հաստատեն, որ առանց յուսալքուելու պէտք է աշխատանքը շարունակել:

«Պետական առումով իւրաքանչիւր թղթածրարի պարագային շօշափելի է պետութեան թուլութիւնը, ինչ որ կը բազմապատկէ քաղաքացիներուն տառապանքը: Հետեւաբար կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդվզումով անդրադարձաւ չարաշահողներուն` շեշտելով, որ անոնք ծանօթ են բոլորին եւ ազատ ու անկախ կը թափառին` քաղաքական ծածկոյթով:

Վառելանիւթի տագնապին մասին սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ խիստ մերժելի է քաղաքացիական ինքնաշարժներուն հերթերը նշմարել ճամբաներուն վրայ, եւ աւելցուց, որ եթէ իրենք յուսախաբ դառնան պետութեան ցուցաբերած թերացումներէն, ապա վառելանիւթը Իրանէն պիտի գնեն:

«Երբ պետութեան անպատասխանատու վարուելակերպէն յուսահատինք, ապա Իրանէն պիտի գնենք վառելանիւթը, որ իրանեան նաւերով պիտի հասնի Պէյրութի նաւահանգիստ եւ տրամադրուի լիբանանցիներուն: Իսկ պետութիւնը եթէ կրնայ թող արգիլէ մեզի», ըսաւ ան:

Պաղեստինեան իրավիճակին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պաղեստինի, յատկապէս Երուսաղէմի եւ Աքսայի մզկիթին մօտակայքը պատահածները խիստ մերժելի են:

Ան ընդգծեց, որ Երուսաղէմն ու Աքսայի մզկիթը ամբողջ արաբ ազգին պատասխանատուութիւնը կը նկատուի:

«Պէտք է վկայել նաեւ, որ պաղեստինցիները իրենց կարգին Երուսաղէմի բնակիչներն են. անոնք իրենց ներկայութեամբ, համբերութեամբ, գոյապայքարով եւ մարմիններով պաշտպանած են Աքսայի մզկիթը, հետեւաբար Երուսաղէմի վրայ յարձակումը շրջանային պատերազմ կը նշանակէ», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կրնայ դարձեալ անխոհեմ քայլի դիմել` նկատի ունենալով իր դիմագրաւած քաղաքական վերջին տագնապը:

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց Վոլիպոլի Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Դատաւորները Պէտք Է Կառչած Մնան Իրենց Պարկեշտութեան Եւ Իրենք Զիրենք Զերծ Կացուցեն Այս Կամ Այն Խմբաւորումին Հետեւորդները Դառնալէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.