Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վառելանիւթի Տագնապը Կը Գտնուի Լուծման Սեմին, Իսկ Բժիշկները Կը Պահանջեն Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Միջամտութիւնը

Յունիս 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ վառելանիւթ ստանալու նպատակով երթեւեկի ահռելի խճողումը կը շարունակուի,  իսկ լիբանանցին իր զզուելի առօրեային մէջ պենզինի կայարաններուն դիմաց ժամեր կը յատկացնէ ինքնաշարժին համար պենզին ապահովելու, երկրին մէջ տիրող ապրուստի պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնք ընդհանրապէս երեկոյեան կը սկսէին եւ կէս գիշերին կ՛աւարտէին, երէկ տեղի ունեցան առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ:

Ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Թաալպայայի ճամբան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Քոռնիշ Մազրաայի ճամբան` «Ապտել Նասեր» մզկիթին կից:

Ներքին ապահովութեան ուժեր ժամեր ետք կրցան յաջողիլ Քոռնիշ Մազրաայի ճամբան վերաբանալու իմաստով, իսկ կէսօրին անոնք վերաբացին նաեւ Թաալպայայի ճամբան:

Յետմիջօրէին վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս հարցազրոյցի մը ընթացքին դրուատեց Կեդրոնական դրամատան կողմէ տրուած խոստումը` վառելանիւթի տագնապին լուծման իմաստով:

Պրաքս շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի լուծէ վառելանիւթի տագնապը, եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն պենզինի կայարաններ չփութալու, որովհետեւ պենզին կայ եւ Կեդրոնական դրամատան վաւերացումով պենզինը աւելի մեծ քանակով պիտի բաժնուի շուկային:

Պէտք է աւելցնել, որ բժիշկները, ատամնաբուժները, տարրալուծարաններու պաշտօնեաներն ու հիւանդապահները երէկ իրենց սպիտակ բաճկոններով առողջապահութեան նախարարութեան դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութենէն խնդրեցին գործակցիլ բանակին, Կարմիր խաչին եւ հիւանդանոցներուն հետ:

Անոնք պահանջեցին տրամադրուած նպաստը հասցէագրել դեղորայքի եւ հիւանդանոցային մարզին մէջ գործողներուն:

«Կը մերժենք, որ լիբանանեան պետութիւնը դարձեալ սպաննէ մեզ` 4 օգոստոսին իր գործած ոճիրէն ետք: Կը պահանջենք ՄԱԿ-էն, Միջազգաին դրամատունէն եւ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութենէն մարդասիրական պատճառներով միջամտել եւ փրկել Լիբանանը», շեշտեցին ցուցարարները:

Հասան Կը Շարունակէ Իր Անակնկալ Այցելութիւնները,
Իսկ «Ֆայզըր Պատուաստի Մարաթոնը Կը Սկսի Այսօր

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան  շարունակեց դեղորայքի պահեստանոցներ իր կատարած անակնկալ այցելութիւնները:

Երէկ կէսօրին ան այցելեց Հազմիէ եւ Սատ Պաուշրիէ, ուր կը գտնուէր մեծ քանակութեամբ դեղորայք:

Նշենք, որ Հասան երկու օրուան մէջ ներխուժումի համազօր անակնկալ այցելութիւններ կատարեց աւելի քան 3 պահեստանոցներու, որոնց մէջ բացայայտուեցան դեղորայք, երիկամներ լուալու յատուկ բժշկական սարքեր, ինչպէս նաեւ տարրալուծարանային յատուկ իրեր:

Հասան վերահաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դեղորայքի տագնապը լուծելու` աւելցնելով, որ դեղորայքը թաքստոցներու մէջ պահելը ոճիր է եւ քրէական դատարան փոխանցուելիք յանցանք:

Նշենք, որ պետական անվտանգութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք կ՛ընկերակցին Համատ Հասանի կատարած անակնկալ այցելութիւններուն` ընկերային ապահովութիւնը պաշտպանելու առաքելութեան շրջագիծին մէջ:

Պետական անվտանգութեան ուժերը հաստատեցին, որ օրինազանցներուն դէմ օրինական բոլոր քայլերուն պիտի դիմեն:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ այսօր` շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 յունիսին պիտի կատարուի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի «Ֆայզըր» մարաթոն, որուն պիտի մասնակցին 55 տարիքը բոլորած եւ աւելի երէց քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցող անհատները, լիբանանեան բոլոր նահանգներուն մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Նախորդը

«Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Օժանդակէ Լիբանան Հասած Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Խորհրդակցութիւններ Մինսքի Մէջ. Մասնակցած Է Նաեւ Հայաստանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?