Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի, հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ նաւահանգիստներու մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարող ռուսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Նաժժար յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին «Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ռուսական ընկերութիւնը Լիբանանին օժանդակող ծրագիրներ առաջարկած է` նկատի ունենալով այն դժուար կացութիւնը, որմէ երկիրը կը տառապի:
Նաժժար ընդգծեց, որ «Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ընկերութիւնը ռուսական պետութեան յանձնարարութեամբ է, որ մշակած է այդ ծրագիրները եւ առաջարկած Լիբանանին:
Իր կարգին, Ռուտաքով յայտնեց, որ Նաժժարի եւ Ղաժարի հետ քննարկած է ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան վերաբերող հարցեր` օժանդակելու համար Լիբանանի բարեկամ պետութեան` թօթափելու իր դիմագրաւած սուր տագնապները:
«Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէա Միցկըր հաստատեց, որ ուժանիւթի մարզին վերաբերող շարք մը ծրագիրներ քննարկուեցան` աւելցնելով, որ ուժանիւթի եւ վառելանիւթի զտարաններու մասին համաձայնութիւն գոյացած է: «Այդ համաձայնութեան կէտերը իւրաքանչիւր կողմ պէտք է գործադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնական գետնի վրայ անցնիլ ծրագիրներու գործադրութեան փուլ: Կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ գործակցութիւն կ՛արձանագրենք Լիբանանի հետ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստները վերակառուցելու, ինչպէս նաեւ զոյգ նաւահանգիստներուն համար ցորենի շտեմարաններ կառուցելու կարելիութիւնները: