Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խալտէի Հանդիպում. Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմել Եւ Լեռնալիբանանի Անդորրը Խախտող Յանցագործները Յանձնել Դատական Իշխանութիւններուն

June 28, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 26 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի Խալտէի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջտիւրզիական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ:

Ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ Արսլանի խորհրդատու Ֆարհան Ապու Հասան:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ կարդաց տիւրզի համայնքի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան կէտերը, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ այն, որ տիւրզի համայնքը յուզող ողբերգական միջադէպերուն ու անոնց հետեւանքներուն պէտք է վերջ մը դնել եւ Լեռնալիբանանի անդորրը խախտող յանցագործները յանձնել դատական իշխանութիւններուն:

Խալտէի հանդիպումին հաստատուեցաւ նաեւ, որ տիւրզի համայնքի զաւակներուն միջեւ իրարու դէմ զէնք բարձրացնողը խիստ պատիժի պիտի ենթարկուի:

Անոնք շեշտեցին նաեւ, որ Խալտէի հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական ազատ գործունէութիւն պէտք է ըլլայ` դաշնակից թէ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն միջեւ:

Խալտէի հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է կառավարութիւն մը կազմել եւ երկրին տնտեսական տագնապին արագ լուծումներ գտնել:

Տիւրզի ղեկավարները ընդգծեցին, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է քայլերու դիմեն` կառավարութեան կազմութեան առումով:

Ներկաները բարձր գնահատեցին արտերկրի լիբանանցիներուն պատրաստակամութիւնը` իրենց ընտանեկան պարագաներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին անոնց օժանդակելու այն հաստատութիւններուն, որոնք անցնող փուլին ընթացքին հսկայական ճիգեր ի գործ դրին համայնքին շահերուն ապահովման համար, ինչպէս` «Այնուզէյն» հիւանդանոցը:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Հանիէ. «Լիբանան Այցելութիւնս Յատուկ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ»

Յաջորդը

Հարիրի – Էրտողան Հանդիպում

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.