ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 529 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:
ՖԻՆԻՒԼ-Ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի շաբաթավերջին յայտնեց, որ ուրբաթ գիշեր Սատտանէ լերան վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած լիբանանցի հովիւը ազատ արձակուած է եւ Լիբանան վերադարձած:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտը ընտրական քարտ չէ` աւելցնելով, որ անոր պայմանները խիստ չեն: Հաժժար ընդգծեց, որ ճիգ չեն խնայած, որ այդ քարտը ըլլայ թափանցիկ եւ առանց մարդկային միջամտութեան` աւելցնելով, որ ինք այդ քարտին ֆինանսաւորումը կը վստահի ելեւմուտքի նախարարութեան: Ան նշեց, որ հատուցման քարտը պիտի հրապարակուի գումակային աշխատանքը աւարտելէ ետք:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր, անդրադառնալով թիւ 151 շրջաբերականի գործադրութեան մինչեւ Կաղանդ երկարաձգումին, հաստատեց, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները մաշին 3900 սակի հիման վրայ, որ բաւական ցած սակ մըն է: Ան աւելցուց, որ եթէ անհրաժեշտ բարեկարգումները չկարենանք կատարել, ապա կարելի պիտի չըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան յանգիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը պէտք է արագ իրագործումներ կատարէ, որովհետեւ տագնապը հսկայական է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ բարեկարգումներուն դէմ կանգնիլը մեծ վնասներ կը պատճառէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ ժամանակն է լուրջ քննարկումներ կատարելու` արտաքին քաղաքականութեան մէջ բարեկարգումներ կատարելու եւ շրջանային ու միջազգային քարտէսին վրայ Լիբանանը վերստին տեղադրելու իմաստով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ նաւթի պեղման ընկերութիւնները իրենց աշխատանքը կասեցուցած են` Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակ ունեցող ամերիկեան-արեւմտեան քաղաքական որոշումով մը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ լիբանանեան հողերէն հովիւի առեւանգումը` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ միջազգային որոշումներու խախտում:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն ամբաստանեց լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները գրաւելու յանցանքով: Ան աւելցուց, որ Սալամէին մեղսակցած են նաեւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ իրենց նախապատրաստութիւններուն արդիւնքները մինչեւ տարեվերջ կը յստականան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ներկայ խորհրդարանը իրաւունք չունի հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը կայունացնելու քաղաքականութիւնը մեծագոյն յանցանքն է, որ պատճառ դարձած է տնտեսութեան փլուզումին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրանեան մազութի ճակատամարտը տեսակարար ոստում մըն է` ամերիկեան շրջափակումին դէմ:


