Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը, նախագահական պալատին մէջ:
Միւս կողմէ, կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախատեսուած են երկու բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ մէկը պիտի կատարուի Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց` 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն կողմէ, իսկ միւսը` «Դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող»-ներու բարկութեան ցոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական դրամատան դիմաց:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ կան շարք մը օրինագիծեր, որոնք խորհրդարան պիտի ուղարկուին: «Կան այլ օրինագիծեր, որոնք արդէն իսկ խորհրդարանին մօտ կը գտնուին, որոնցմէ կարեւորագոյնը կը նկատուի «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը, ինչպէս նաեւ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ճշդուին երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու օրինական ժամկէտները` նախքան ռամատան ամիսը: Երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու նպատակ չկայ», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ Պըրրիին շնորհակալութիւն յայտնած է` խորհրդարանի վստահութեան քուէի նիստին ընթացքին անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է կարգ մը կէտեր, որոնք Փարիզ իր կատարած այցելութեան կը վերաբերին:
Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն` Միքաթի շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան` ընդգծելով, որ իր մտահոգութիւնը այսօր Լիբանանն է, «եւ եթէ Սուրիա իր կատարելիք այցելութիւնը պատժամիջոցներ չ՛ենթադրեր, ապա ինք Սուրիա այցելելու ոչ մէկ արգելք ունի», շեշտեց Միքաթի:
Վարչապետը հաստատեց նաեւ, որ իր կառավարութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւնները չեղեալ պիտի չնկատէ, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յարգելով բոլոր օրէնքները:
Ան կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին լիբանանցիները հանգստացնելու:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ կարելի չէ դարձեալ դատախազը փոփոխութեան ենթարկել, որովհետեւ այդ ձեւով հետաքննութիւնը իր վստահելիութիւնը պիտի կորսնցնէ:
«Կը մաղթեմ, որ օրէնքը վերատեսութեան ենթարկուի եւ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարը յանձնառու մնայ սահմանադրութեան», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:
Ան խոստացաւ ամսական դրութեամբ լրագրողներուն հետ զրոյց ունենալ վարչապետարանին մէջ:
Վարչապետարանին Մէջ
Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Թրաֆ յայտնեց, որ վարչապետին հետ իր ունեցած առաջին հանդիպումը եղած է լաւ եւ շինիչ: Ան շեշտեց, որ քննարկած են կարգ մը հարցեր ու տագնապներ, որոնց լուծումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ:
Թրաֆ նկատել տուաւ, որ հիմնական հարցերը ուղղակիօրէն կապ ունին տնտեսական տագնապի լուծման հետ` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է, որ այդ տագնապը լուծելու հիմնական քայլը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն սկսիլն է:
Թրաֆ հաստատեց, որ քննարկած են նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտելու այն միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրուին` լուծելու համար երկրին ելեկտրականութեան տագնապը:
Թրաֆ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, յատկապէս առողջապահական, ընկերային եւ կրթական մարզին:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ յայտնեց, թէ շնորհաւորական նամակ մը յանձնած է Միքաթիի` Ռուսիոյ վարչապետ Միխայէլ Միշուսթինի կողմէ:
Ռուտաքով ընդգծեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու հեռանկարները:
«Մենք քաջ գիտենք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի կացութեան մասին, եւ Ռուսիա պատրաստ է իր գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդարձակելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանին տրամադրելու այն օժանդակութիւնները, որոնց կարիքը ունի ան», ըսաւ ան:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան գործիքակազմը:




