Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներէն Աւելի Քան 70 Միլիոն Տոլար Նուիրատուութիւն Գոյացած Է` Կրթական Մարզին Համար» Յայտնեց Հալապի

Հոկտեմբեր 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ յատկացուած էր աշակերտներուն ապահով վերամուտ ապահովելու:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն պահանջները: Ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէ, կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Ժամալ Քարիմ:

Նիստէն ետք Հալապի յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներէն աւելի քան 70 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն գոյացած է` յօգուտ կրթութեան մարզին, պայմանով որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանի վերամուտ յայտարարուի եւ դասընթացքները աշակերտներուն ներկայութեան կատարուին:

Հալապի նշեց, որ այս նիստը գումարուած է պետական դպրոցներուն վերամուտը 11 հոկտեմբերին յատարարելու լոյսին տակ` աւելցնելով, որ ուսուցիչներուն պահանջները արդարացի են, իսկ ելեւմուտքի նախարարը դրական էր այդ պահանջները իրականացնելու իմաստով:

Թրիփոլիի Մէջ

Միւս կողմէ, Միքաթի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին իր ստանձնած նոր պաշտօնին մէջ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեցին, որ կառավարութիւնը յաջողի իր գործունէութեան մէջ:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամը` ընկերակցութեամբ Իսլամական գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուէյֆ եպիսկոպոսը, որ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց անոր` մաղթելով նաեւ, որ ան կարենայ բոլոր մարզերուն մէջ փլուզումները կասեցնել:

Սուէյֆ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ ներկայ փուլը պէտք է լուրջ աշխատանք վկայէ` լիբանանեան պետութեան հանդէպ վստահութիւնը վերահաստատելու` յստակ, առողջ, թափանցիկ եւ շօշափելի ծրագիրներու իրագործման ընդմէջէն:

Ան ընդգծեց արաբական եւ բոլոր բարեկամ երկիրներուն նկատմամբ բաց ըլլալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Լիբանան այսօր խիստ կարիքը ունի, որ բոլորը անոր կողքին ըլլան:

Սուէյֆ եպիսկոպոսը հաստատեց կառավարութեան կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը` յարգելու եւ պահպանելու համար սահմանադրութիւնն ու պետական հաստատութիւնները:

Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլի իր գտնուիլը շատ բնական է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` մնայուն կերպով իրեն զօրակցելու առիթով:

«Լիբանանի պատմութեան մէջ դիմագրաւուած ամէնէն դժուար տագնապին դէմ յանդիման կը գտնուինք, եւ ժողովուրդը կառավարութենէն փրկարար աշխատանք կ՛ակնկալէ, որպէսզի կարենայ տարբեր տեսակի ողբերգութիւններէ փրկուիլ: Քաջ գիտնալով այս ճշմարտութիւնը` սկսած ենք դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք կը միտին հարցերը լուծման հունին մէջ զետեղել: Բայց եւ այնպէս որեւէ լուծում կիսատ կը նկատուի, եթէ կառավարութիւնը բոլորին զօրակցութիւնը չստանայ` գործադրելու համար քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ գործադրելու համար աշխատանքային իր ծրագիրով խոստացած յանձնառութիւնները», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:

Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ի խնդիր Լիբանանի տագնապներուն լուծման` յանձնառու մնալով Լիբանանի գերագոյն շահերուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին միասնականութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ արաբ եղբայրներուն հետ իր պատմական յարաբերութիւններուն հզօրացման:

ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որ շնորհաւորեց Միքաթին` անոր կազմած կառավարութեան շնորհուած խորհրդարանի վստահութեան քուէին առիթով: Էրտողան վարչապետ Միքաթիին յղեց Թուրքիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը` քննարկելու համար Լիբանանի կարիքները:

 

Նախորդը

Ճորճ Պուչիքեան Այցելեց Ճարտարարուեստի Հետազօտական Հիմնարկ

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Շնորհակալութիւն Յայտնեց Նախագահ Աունին` Անոր Զօրակցութեան Համար

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?