Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խասաունէ Յորդանանի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Հոկտեմբեր 1, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէ, որ նախանցեալ գիշեր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Խասաունէի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Ապտել Ռահման Ժաֆալ Հատիտը: Խասաունէ Յորդանանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Խասաունէն, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց իր խոր յարգանքը այն իւրայատուկ ակնարկին, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կատարեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին արտասանած իր խօսքին ընթացքին:

«Ակնարկը կը վերաբերէր Լիբանանին ու անոր բարգաւաճման օժանդակութեան, եւ Ապտալլա Բ. թագաւորը եղաւ այն առաջիններէն, որոնք նախաձեռնեցին Լիբանանին օժանդակութիւն հասցնելու` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց լիբանանեան-յորդանանեան պատմական յարաբերութիւններուն ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանան բարին կը մաղթէ Յորդանան-Սուրիա պաշտօնական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ Ամման-Դամասկոս օդանաւային թռիչքները վերսկսելու որոշումը, «որ մեր երկրին առիթ կ՛ընծայէ հասնելու արաբական աշխարհի խորերը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան դրուատեց նաեւ Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր անցքին վերաբացումը` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան բոլոր փոխադրակառքերուն առիթ կ՛ընծայուի` լիբանանեան արտադրութիւնները ցամաքային ճամբով փոխադրելու դէպի Ծոցի կարգ մը երկիրներ:

Նախագահ Աուն Խասաունէին յանձնեց գրաւոր նամակ մը, յղուած` Յորդանանի թագաւորին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կարգ մը թղթածրարներ, որոնք կը վերաբերէին Յորդանանի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն:

Խասաունէ իր կարգին Ապտալլա Բ. թագաւորին ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին` ընդգծելով, որ ան կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Վարչապետ Խասաունէ ընդգծեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութիւնը զօրակցական այցելութիւն է` Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:

«Այցելութիւնը կը միտի քննարկել այն կարիքները, զորս Յորդանան կրնայ հոգալ Լիբանանի համար, յատկապէս ուժանիւթ ապահովելու իմաստով: Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ յորդանանեան ելեկտրականութեան եւ եգիպտական կազին, որոնք Լիբանան պիտի հասնին Սուրիոյ ճամբով:

Խասաունէ հաստատեց, որ յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանան հասցնելու նպատակը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ երեք ամիսները:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Յորդանանի վարչապետը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Խասաունէ յայտնեց, որ Յորդանանի թագաւորը միջազգային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ, որպէսզի կարենայ Լիբանանի հիմնական կարիքները ապահովել:

Ան շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի օժանդակութեան կարելիութիւնները` հաստատելով, որ Յորդանան ամուր կապեր ունի Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց յորդանանցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Հանդիպումի աւարտին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ

Խասաունէի այցելութիւնը զօրակցական այցելութիւն է` աւելցնելով, որ եթէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ պատմական ակնարկ մը նետենք, ապա պիտի տեսնենք, որ Յորդանան միշտ ալ Լիբանանի կողքին եղած է` անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն ընթացքին, ինչպէս որ Լիբանան միշտ եղած է Յորդանանի կողքին:

«Մենք ամէն իմաստով եղբայր ժողովուրդներ ենք», ըսաւ Միքաթի:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք հիմնականին մէջ քննարկած են Լիբանանին մատակարարուելիք յորդանանեան ելեկտրականութեան եւ եգիպտական կազին վերաբերող հարցեր` հաստատելով, որ իրենք կը փափաքին, որ համաձայնագիրները օգտակար ըլլան եւ ոչ թէ պատկերի սահմանին մէջ մնան:

Իր կարգին, Խասաունէ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կը միտի օժանդակութիւններ տրամադրել Լիբանանին` հաստատութիւններուն եւ ժողովուրդին:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանին իր այս զօրակցական այցելութիւնը Ապտալլա Բ. թագաւորին ցուցմունքներով կատարուած է: Խասաունէ հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ այս յանձնառութիւնը կը մնայ անխախտ:

Խասաունէ շեշտեց, որ Յորդանան նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու անոր բարգաւաճման:

Նախորդը

Նախագահ Աուն «Լազարտ» Ընկերութենէն Պահանջեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Առնչութեամբ Խորհրդատուութիւնը Շարունակել

Յաջորդը

Ձերբակալուեցան Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն Ու Դաւիթ Գալստեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?