Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին ամերիկեան օժանդակութիւնները, յատկապէս` ուժանիւթի մարզին մէջ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Ֆայեատ Շիային ներկայացուց այն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնք կատարուած են Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ մօտիկ ապագային Գահիրէ եւ Ամման իր կատարելիք այցելութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց Շիային` ուժանիւթի մարզին մէջ Լիբանանին օժանդակելու եւ զայն «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքէն զերծ կացուցելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ բանակցութիւններ սկսելու Ուաշինկթընի ջանքերուն համար` նկատի ունենալով, որ այդ դրամատան մէջ Միացեալ Նահանգներ իրենց կշիռը ունին:
Ֆայեատ նշեց, որ Միջազգային դրամատան հետ բանակցութիւններուն շնորհիւ է, որ ճամբայ բացուեցաւ Լիբանան-Սուրիա, Յորդանան-Եգիպտոս համաձայնագիրին գործնականացման: