Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 621 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կասեցնելու առնչութեամբ եւ հաստատեց, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին իմանալու ճշմարտութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանէն խնդրեց Նիհայի ոստիկանատունէն փախուստ տուած արգելափակեալներու փնտռտուքի աշխատանքը շարունակել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժորժ Քըրտահի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տեղեկատուական մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ միջազգային կողմերու հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` ուսուցիչներուն ուղղակի օժանդակութիւն ապահովելու համար: Հալապի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պետական վարժարաններու եւ արհեստից հիմնարկներու մէջ դասաւանդող պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչներու յանձնախումբին հետ եւ իմացաւ ուսուցիչներուն պահանջներուն մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա այցելեց ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ելեւմտական ներկայ հարցերը: Շիա այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ եթէ միջազգային կազմակերպութիւնները յանձնառու ըլլային սուրիացի տեղահանուածներուն արժանապատուութեան, ապա անոնք դիւրացուցած կ՛ըլլային անոնց տունդարձը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ խորհրդարանին ներկայացուց առաջարկ մը, որուն մէջ ան առաջարկեց ջնջել ընտրական օրէնքին մէջ ներառուած այն կէտը, որ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ 6 երեսփոխաններու ընտրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն դռները բաց են, եւ պահանջուած է այդ յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն համար օգտակար դարձնել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սաատնայէլի մէջ նախանցեալ գիշեր արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնք հակակշիռի տակ առնելու նպատակով միջամտած է լիբանանեան բանակը, սակայն բախումները աւելի բարդացած են եւ վերածուած բանակին վրայ յարձակումներու:

 

 

Նախորդը

Վերամուտի Խոհեր

Յաջորդը

Պայրամ. «Ապրուստի Սղաճին Համեմատութիւնը Ճշդող Յանձնախումբի Ճիգերուն Շնորհիւ Կարելի Պիտի Ըլլայ Սեփական Մարզի Աշխատավարձերու Արագ Յաւելում Ապահովել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?