Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, որմէ ստացաւ իտալացի իր պաշտօնակիցէն` Լուիճի տի Մայոյէն նամակ մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կացութիւնն ու սահմանագծումին վերաբերող հարցեր: Պոմպարտիերի Պու Հապիպին ներկայացուց մարդասիրական ու բարգաւաճման այն ծրագիրները, որոնք Իտալիոյ կողմէ կը տրամադրուին Լիբանանին:



