Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիթարը Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութիւնը Դարձեալ Կասեցուած Է

October 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը քանի մը շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով կասեցուած է` հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ դատական նոր բողոքի մը պատճառով:

Հետեւաբար դատաւոր Պիթար պիտի չկարենայ այս շաբթուան ընթացքին հարցաքննել նախկին նախարարներ Նուհատ Մաշնուքը, Ղազի Զաայթերը եւ Ալի Հասան Խալիլը:

Նշենք, որ Պիթարի դէմ դատական բողոքը ներկայացուեցաւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթերի եւ Ալի Հասան Խալիլի կողմէ:

Յայտնենք, որ երէկ առաւօտեան Ալի Հասան Խալիլ մերժեց դատավարութեան ներկայանալ, այդ պատճառով ալ դատաւոր Պիթար անոր դէմ բերման գիր հրապարակեց:

Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդը Զգուշացուց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Թղթածրարը Քաղաքականացնելէ

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը վերահաստատեց նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն իր զօրակցութիւնը` պահանջելով բացայայտել պայթումին ճշմարտութիւնը եւ արդարութեան հաստատումը:

Միւս կողմէ, սակայն, խորհուրդը զգուշացուց պայթումին թղթածրարը քաղաքականացնելէ եւ անիկա քաղաքական վրէժխնդրութեան միջոցի վերածելէ, ինչպէս նաեւ ճշմարտութիւնները ծածկելէ:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պատասխանատուն օրըստօրէ կը փաստէ իր կողմնակալութիւնը եւ քմահաճ կերպով կը մօտենայ այդ հետաքննութեան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը հաստատեց նաեւ, որ դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդներուն լուռ ընթացքը իր կարգին դատապարտելի է` պահանջելով սրբագրել այդ հետաքննութեան որդեգրած սխալ ընթացքը:

Եւրոպական Միութիւնը Կը Շեշտէ Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը շեշտէ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը ընդգծեց, որ այդ հետաքննութիւնը պէտք է անկողմնակալ կերպով ընթանայ, թափանցիկութեամբ եւ անկախութեամբ:

«Իրաւական քայլերը պէտք է առնուին առանց միջամտութիւններու, իսկ այս ողբերգութեան պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին», նշեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը:

Ժահժահ. «Հըզպալլայի Վարուելակերպը Ցոյց Կու Տայ, Որ Ան Պայթումին Առումով Պատասխանատուութիւն Ունի»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները մերժելի են եւ հետաքննութեան միջամտելու համազօր:

Ժահժահ յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա անիրաւ կը նկատէ ամբողջ հետաքննութեան հոլովոյթը, երբ տակաւին այդ մասին նախնական վճիռ չէ արձակուած:

Ժահժահ ընդգծեց, որ Հըզպալլա հետաքննութիւն չ՛ուզեր, կամ ալ ձեւական կերպով կը փափաքի, որ կատարուի այդ հետաքննութիւնը, որպէսզի ճշմարտութիւնը կարելի չըլլայ բացայայտել:

«Հըզպալլայի վարուելակերպը ցոյց կու տայ, որ ան պայթումին առումով պատասխանատուութիւն ունի», հաստատեց Ժահժահ:

 

Նախորդը

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հալապիի Հետ Քննարկեց 2021-2022 Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտն Ու Լիբանանեան Համալսարանին Իրավիճակը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.