Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի 19 Հոկտեմբերին Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

October 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի 19 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

Լիագումար նիստին ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանի զոյգ քարտուղարներն ու երեք զեկուցաբերները, ապա պիտի գումարուի օրէնսդրական  նիստ մը` քննարկելու համար ընտրական օրէնքին ներառելիք բարեփոխումները, որոնց շարքին նաեւ` կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին վերաբերող առաջարկը:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզի եւ խորհուրդի գործադիր գրասենեակի անդամներուն:

Պըրրի յայտնեց, որ աշխարհի մէջ ոչ մէկ երկիր կամ ընկերութիւն կրնար մարդկային իր կէսը անտեսել` աւելցնելով, որ իրեն համար անհասկնալի է կիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս անիրաւութիւնը:

Ան հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու կիներու մասնաբաժինը վաւերացնելն ու կիներու մասնակցութիւնը համայնքային հաւասարակշռութիւնը չեն խանգարեր, ընդհակառակն` անոնք մարդկային հաւասարութիւնը կը յարգեն:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի վաւերացումը Թաէֆի համաձայնագիրի խախտում չի նկատուիր:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը կառչած կը մնայ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի առաջարկին եւ այդ առաջարկը պիտի ներկայացուի խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին:

«Այս փուլը կ՛ենթադրէ, որ տղամարդիկն ու կիները միասնաբար գործեն` Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հալաթի Հանդիպակաց Ծովուն Վրայ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստը Շարունակուելու Փոխարէն Առկախուեցաւ. Այսօր Կը Նախատեսուին Բազմամարդ Ցոյցեր, Իսկ Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Անկում Արձանագրել

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.