Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Լիբանանի արեւելեան սահմանները պաշտպանող բանակի զօրամաս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ:
Զօր. Աուն անոնցմէ իմացաւ տիրող կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Զօր. Աուն այս առիթով շրջանին մէջ բացումը կատարեց նոր կառուցուած ճամբաներուն, յատկապէս անոնց, որոնք բանակին երթեւեկն ու փոխադրութիւնը կը դիւրացնեն:
Բանակի հրամանատարը ողջունեց բանակին ջանքերը` սահմանները պաշտպանելու եւ սահմանէն ապօրինաբար Լիբանան մուտք գործող անհատներու շարժումները զսպելու, ինչպէս նաեւ մաքսանենգումը սանձելու իմաստով:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին արհեստավարժ ըլլալու իրականութիւնը, զոհողութիւններն ու կայունութիւնը` բնական եւ աշխարհագրական ծանր պայմաններուն ներքեւ:
Ան շեշտեց սահմաններու հսկողութեան համար կառուցուած հսկողութեան աշտարակներն ու անոնց արդիական գործիքակազմերը օգտագործելու առաւելութիւնը:
«Ճիգ պիտի չխնայենք բանակայիններուն օժանդակելու, որպէսզի անոնց տառապանքը մեղմացնենք», ըսաւ ան:



