Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

October 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ շեշտեց, որ նախարարութեան եւ պետական պաշտօնեաներ, որոնք թիւով 15 հազար են, պատրաստ պիտի ըլլան կազմակերպելու եւ կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները այն թուականին, երբ խորհրդարանը որոշէ:

Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք նախարարութիւնը ստանձնած է հիմնական երեք պարտականութիւններու համար` ապահովութիւնը, ընտրութիւններն ու Պէյրութը:

Մաուլաուի շեշտեց, որ ապահովութեան առումով պէտք է ոստիկաններուն զօրակցիլ եւ օժանդակել, որպէսզի անոնք կարենան իրենց պարտականութիւնները կատարել: Ան հաստատեց, որ ինք ապահովութեան ուժերուն պիտի օժանդակէ` անոնց նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոց տրամադրելու համար:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Մաուլաուի հաստատեց, որ ինք այդ իմաստով համապատասխան ֆինանսաւորում պիտի կարենայ ապահովել միջազգային օժանդակողներուն կողմէ, պայմանով որ այդ գումարները լիբանանեան գերիշխանութիւնը թիրախ չդարձնեն:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները 10 միլիոն տոլարէն աւելի գումարի չեն կարօտիր, եւ այդ գումարը Ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուած երկու ամսուան նպաստին տասը առ հարիւրը կը կազմէ», ըսաւ ան:

Մաուլաուի հաստատեց, որ մայրաքաղաք Պէյրութը բոլորին կը պատկանի` աւելցնելով, որ անիկա հսկայական աշխատանքի կը կարօտի` վերադառնալու համար իր քաղաքակիրթ իրականութեան եւ միջավայրին:

Ան նշեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է ճամբաներու լուսաւորումը կատարել, աղբերը հաւաքել, մուրացկաններու աւազակախումբերը վերացնել մայրաքաղաքին փողոցներէն` գործակցութեամբ այնպիսի ընկերութիւններու, որոնք կ՛աշխատին վերաբնակեցնել շրջանը:

Մաուլաուի շեշտեց նաեւ, որ պէտք է հատուցել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուածները եւ տուժածները` յոյս յայտնելով, որ դատական իշխանութիւնները կարենան այդ հարցով արդարութիւն հաստատել:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Փրկութեան Առաջնահերթութիւնները

Յաջորդը

Պիթարը Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութիւնը Դարձեալ Կասեցուած Է

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.