Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Փրկութեան Առաջնահերթութիւնները

Հոկտեմբեր 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց միօրեայ դռնփակ նիստ մը, որ տեղի ունեցաւ Պէյթ Մերիի «Մար Եուհաննա Քալաա» վանքին մէջ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան փրկութեան առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայ փուլին ընթացքին գործադրուելիք ծրագիր մը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին տնտեսական, ելեւմտական, ապրուստի, ընտրական, քաղաքական յարաբերութիւններու եւ այլ հարցեր:

Նիստին բացումին առիթով Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումը լուծումներ ունի, սակայն զանոնք առանձինն գործադրելու կարողութիւն չունի:

Պասիլ նշեց, որ համախմբումին համար առաջնահերթութիւնները հետեւեալ հինգ առանցքներն են. ելեւմտական ապաքինման ծրագիրն ու անոր գործադրութեան կանոնները, ընկերային ապահովութեան ցանցի ստեղծումը, պետական պիւտճէի կացութեան բարեկարգումը` կասեցնելով փտածութիւնը եւ այդ մէկը սկսելով 2022-ի ամավարկէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելը եւ նաւահանգիստը վերականգնելը, երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին եւ վաւերացուած ընտրական օրէնքին հիման վրայ գործադրելը, ինչպէս նաեւ 2017-ի բարեկարգումները գործադրելը:

Միօրեայ նիստին աւարտէն ետք, երեկոյեան Պասիլ յայտնեց, որ նախորդ կառավարութեան մշակած ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը կարիքը ունի բարեփոխման` աւելցնելով, որ արձանագրուած վնասներու բաժանում պէտք է կատարուի: «Ճիշդ է, որ այս գործողութիւնը ցաւալի է, սակայն անիկա կարելի չէ լիբանանցիներէն պահել», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ վնասները պէտք է բաժնել դրամատուներուն, Կեդրոնական դրամատան եւ պետութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պէտք է վաւերացնել ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ամբողջական ծրագիրներ, ու բարելաւել առողջապահական եւ ընկերային ապահովագրութեան կանոնները:

Պասիլ կոչ ուղղեց ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի մէկ սակ որդեգրել, որպէսզի վերջ տրուի Լիբանանի դէմ գործուող իսկական «սպանդ»-ին: «Պահանջուած է համաձայնութեան յանգիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը վաւերացնել եւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել: Կը զգուշացնենք հատուցման քարտը ջնջելու հաւանական որեւէ փորձէ եւ կը հաստատենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած պատճառաբանութիւնները կը յուշեն, թէ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի հսկայական պայթում: Զգո՛ւշ, լիբանանցիները չեն կրնար պետական նպաստի ամբողջական եւ անակնկալ վերացումը հանդուրժել», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Հոգեւոր Տիրոջ Միջեւ

Յաջորդը

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?