ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի տեղեկատուութեան գրասենեակը երէկ հերքեց «Լեպանոն Տիպէյթ» լրատուական կայքի նախագահ Միշել Աունին վերագրուած տեղեկութիւնները Պէյրութի նաւահանգիստի դատական հայցին եւ այս գծով դատաւոր Թարեք Պիթարի դերակատարութեան շուրջ: Հաղորդագրութիւնը անհիմն եւ յերիւրածոյ որակեց նշուած տեղեկութիւնները, որոնք երբեք չեն դրսեւորուած նախագահ Աունի կողմէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ, ինչպէս նաեւ քուէյթեան արտաքին գործոց նախարարութիւնները հերթաբար իրենց քաղաքացիներուն թելադրեցին խուսափիլ Լիբանան այցելելէ ապահովական նկատառումներով:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ մը երէկ կախուած գտնուեցաւ Զահլէի իր բնակարանին մէջ: Ապահովական պատկան ուժեր հետաքննութիւն բացին դէպքին ծալքերուն շուրջ:
ԵՐԷԿ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ «սիրոյ անցարգելներ» հաստատուեցան, ուր երիտասարդներ իրենց հիւրընկալութիւնն ու համերաշխութիւնը արտայայտեցին երթեւեկող անցորդներուն:


