Նախագահ Աուն Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհներուն դրդապատճառներն ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կարգ մը ապահովական թղթածրարներ: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած բոլոր քայլերը` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք...



















