Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհներուն դրդապատճառներն ու անոնց հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կարգ մը ապահովական թղթածրարներ:
Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած բոլոր քայլերը` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ Լիբանանի անտառներուն, յատկապէս հարաւային Լիբանանի անտառային շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհները դիտմամբ ծագած են` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի` ձերբակալելու եւ պատժելու յանցագործները:
Մաուլաուի նշեց, որ նախագահ Աուն եւս համաձայն է հրդեհ բռնկեցնողները պատժելու տեսակէտին:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ինք պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւորներուն` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որ այդ ուժերը արձանագրուին իբրեւ պաշտօնեաներ: