Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:
Համախմբումին նիստէն ետք Պասիլ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուելիք վիճարկումը ընտրական օրէնքի բարեփոխումներուն դէմ է եւ ոչ թէ ընտրական օրէնքին դէմ:
Պասիլ հաստատեց, որ վիճարկումը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու վարչական դասաւորումներուն վրայ:



