Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Մայրիներու Երկիրը Իր Ինքնութիւնը Կը Կորսնցնէ Եւ Վերանալու Սպառնալիքին Դիմաց Կը Գտնուի»

November 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ այցելեց տիւրզի համայնքի նախկին հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց տիւրզի համայնքի կալուածներուն եւ հաստատութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ տնտեսական մակարդակի վրայ ճիշդ է, որ կարգ մը հաստատութիւններ արժանացած են արտերկրի լիբանանցիներու օժանդակութեան, սակայն այսօր այդ օժանդակութեան եւ հաստատութիւնները պահելու ճիգին աւելի մեծ չափով կարիքը կայ, որովհետեւ մեզի կը սպասեն շատ վատ օրեր եւ աւելի դժուար պայմաններ:

Միջտիւրզիական ընդհանուր մթնոլորտին անդրադառնալով` Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ երկխօսութենէն փախուստ չկայ:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր մաս կազմել Հըզպալլայի դէմ քաղաքական ճակատի մը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի մասին իր նախորդ կարծիքը ինքնաբուխ էր եւ հիմնուած էր երկրին ու քաղաքացիներուն դիմագրաւած ծանր իրականութեան վրայ:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք այս կամ այն քաղաքական ուժին կամ կողմին «մարդը» չէ եւ ոչ ալ կրնայ իբրեւ այդպիսին ներկայացնել ինքզինք:

Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարելի չէ Ծոցի երկիրները նեղացնել եւ զանոնք մղել Լիբանանը մեկուսացնելու, որովհետեւ այս մրցումը կը հակադրուի լիբանանեան ազգային շահերուն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ երեսփոխանական ընտրութիւններու վերջնական թուականին` 27 մարտին, աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է ընտրութիւնները խանգարելու հաւանական փորձերով:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ իրենք պիտի դաշնակցին Լիբանանեան ուժերուն հետ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ, որովհետեւ այդ կուսակցութեան հետ իրենք ոչ մէկ հասարակ յայտարար ունին:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան ու Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համաձայնութիւնը կարեւոր է, որպէսզի լիբանանցիներուն կարելի ըլլայ ապահովել այնպիսի օժանդակութիւններ, որոնք առիթ կու տան ժողովուրդին շնչելու:

«Այսօրուան նպատակը պէտք է ըլլայ նուազագոյն կայունութիւնը ապահովել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանին եւ շրջանին համար լաւատեսութեան կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ Մայրիներու երկիրը իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ եւ վերանալու սպառնալիքին դիմաց կը գտնուի:

 

Նախորդը

Քանաան. «Յանձնախումբը Սուտ Վկայ Պիտի Չըլլայ, Եւ Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Ժողովները Պիտի Դադրեցնեմ»

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Եւրոպական Դրամատան Հետ Քննարկեց Լիբանանին Օժանդակելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.