Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Հատուցման Քարտի Դրութիւնը Գործադրելու Քայլերը Կը Յապաղին` Դեղորայքի Սակերը Կը Դառնան Երեւակայական

Նոյեմբեր 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն առաւօտ լիբանանցին կ՛արթննայ իր էութիւնը ցնցող նոր լուրով մը, որ կ՛ենթադրէ յաւելեալ հաշուարկներ կատարել` իբրեւ մարդ արարած գոյատեւելու համար:

Օրուան ապրուստը, ելեկտրականութիւնը, փոխադրածախսը, վառելանիւթը, հացն ու ջուրը ապահովելու կողքին, լիբանանցին այսուհետեւ պիտի մտածէ նաեւ իր դեղորայքին մասին:

Կառավարութիւնը առանց աղմուկի, իսկ առողջապահութեան նախարարութիւնը յաւելեալ դեղորայք ապահովելու խոստումներու տարափին տակ, երէկ քաղաքացին դէմ յանդիման դարձուցին նոր իրականութեան մը հետ, որն է դեղորայքին տրամադրուած պետական նպաստին մասամբ վերացումը:

Թէեւ մասամբ է դեղորայքի սակին վրայ նպաստին վերացումը, սակայն գետնի վրայ նոյնիսկ 25, 30, 45 կամ 65 առ հարիւրի նպաստ վայելող դեղորայքին սակերը դարձած են երեւակայական:

Այս իրականութեան կողքին, կառավարութեան նիստերը տակաւին կը մնան առկախուած:

Երկրին քաղաքական տագնապին լուծման իմաստով ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւայ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն հետ տագնապը հետզհետէ կը սրի, իսկ այդ երկիրներուն մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն դէմ որդեգրուելիք միջոցառումները կը ստանան աւելի խիստ բնոյթ: Այս մասին երէկ հաստատեցին Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի մէջ Լիբանանի դեսպաններ Ֆաուզի Քապպարա եւ Միլետ Նամմուր` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին:

Գործնական առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը շարունակէ ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարի հետ քննարկել հատուցման քարտը գործադրութեան դնելու վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է այդ քարտը գործադրութեան դնելու քայլերը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի քարտին աշխատանքային մեկնարկը սկսելու արգելքները վերացնելու:

Հաժժար նշեց, որ հատուցման քարտի դրութենէն պիտի օգտուին 750 հազար ընտանիքներ:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին հաստատեց, որ իր կատարած հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` յանգելու համար լուծումի մը, եւ աւելցուց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի վերսկսելու համար կառավարութեան նիստերը:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ երկիրը յուզող տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն Միջազգային դրամական ֆոնտին, Կեդրոնական դրամատան եւ միջազգային բոլոր խորհուրդներուն հետ հիմնական քայլերը վաւերացնել:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը դարձեալ ոտքի կանգնեցնելը անհատական պատասխանատուութիւն չէ, այլ` հաւաքական, որուն համար բոլորը պէտք է գործակցին` Թաէֆի համաձայնագիրին սկզբունքներուն հիման վրայ եւ ազգային գործակցութեան ու միասնականութեան կառչած մնալով:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ճ. Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ռուտենքօ Եւ Քլաար Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Կացութեան Սրումը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?