ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1018 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.100 լ. ոսկիի սահմանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ անօդաչու թռչող սարքերու գործածութիւնը արգիլուած է շաբաթ, 20 եւ երկուշաբթի, 22 նոյեմբեր 2021-ին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշը, որ պահանջեց տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարականը, իբրեւ սկիզբ` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապին լուծման: Ան հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանէն պիտի հրաժարի եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ պիտի նկատուին` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է դեղորայքին վերստին նիւթական նպաստ տրամադրէ:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներէն պահանջուած է հաստատութենական եւ զօրակցական աշխատանքով յառաջ երթալ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ դեղորայքին տրամադրուած նպաստը միայն 35 միլիոն տոլար է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու համեմատութեան արձանագրած աճին զուգահեռ` տօնական օրերուն երկիրը փակելու միտում չկայ: Արաժի հաստատեց, որ դեղորայքին սակին 8 կամ տասը անգամով սղելու իրականութիւնը վախ կը պատճառէ:
ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ Լիբանանէն արտագաղթած են 2500 բժիշկներ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն դեղորայքը ստանալու ընկերային եւ առողջապահական կեդրոններէն ու դարմանատուներէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ տագնապի լուծման կարելիութեան նախաքայլը կը նկատուի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարականը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ կառավարութեան նիստերը արգելակող խոչընդոտներուն պէտք է անկողմնակալ լուծումներ գտնել: Պլոքը կտրականապէս մերժեց դեղորայքին տրամադրուած պետական նպաստին չեղեալ նկատուիլը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն հանդէպ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ երկրին ղեկավարները պէտք է գործադրեն բարեկարգումի իրենց խոստումները: Քոլարտ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն յայտնեց, որ Վատիկան անշահախնդիր կը ծառայէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Վատիկան այցելութիւնը անհրաժեշտ է:


