Լիբանանեան

Քանաան. «Յանձնախումբը  Սուտ Վկայ Պիտի Չըլլայ,  Եւ Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի,  Ժողովները Պիտի Դադրեցնեմ»

Քանաան. «Յանձնախումբը Սուտ Վկայ Պիտի Չըլլայ, Եւ Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Ժողովները Պիտի Դադրեցնեմ»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ յանձնախումբը հինգշաբթի օր պիտի շարունակէ իր նիստը` քննարկելու համար ելեւմուտքի նախարարութեան առաջարկները, որոնք կը միտին քաղաքացիներուն իրաւունքները ապահովել: Քանաան հաստատեց, որ իրենք պիտի չընդառաջեն որեւէ առաջարկի, որ կրնայ իր վատ ազդեցութիւնը ունենալ քաղաքացիին ապրուստին...

Կենսոլորտի Նախարարը Կը Պահանջէ Բռնկած  Հրդեհներուն Շուրջ Հետաքննութիւն Բանալ

Կենսոլորտի Նախարարը Կը Պահանջէ Բռնկած Հրդեհներուն Շուրջ Հետաքննութիւն Բանալ

Կենսոլորտի նախարարութեան համաձայն, շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ բռնկած են 93 հրդեհներ` որոնցմէ 35-ը անտառային հրդեհներ, հարաւային Լիբանանի, Արեւմտեան Պեքաայի, Մեթնի, Քեսրուանի եւ Աքքարի մէջ: Կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բռնկած հրդեհներուն մեծ մասը մարդոց կողմէ հրահրուած է` աւելցնելով, որ կլիմայական ազդակները եւս կ՛օժանդակեն, որ այդ հրդեհները ընդարձակուին: Եասին ընդգծեց հրդեհներուն մասին հետաքննութիւն բանալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 231 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: «ՌՈՅԹԸՐԶ» կը հաղորդէ, թէ Լիւքսամպուրկի դատական իշխանութիւնները Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ քրէական դատական հարց յարուցած են: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց երկրին առողջապահական մարզին վերաբերող հարցեր: Ապիատ Տար...

Հրդեհներու Հսկայ Ալիք Մը Հարուածեց Հարաւային  Լիբանանի, Աշքութի Եւ Պէյթ  Մերի-Մոնթեվերտիի Անտառները

Հրդեհներու Հսկայ Ալիք Մը Հարուածեց Հարաւային Լիբանանի, Աշքութի Եւ Պէյթ Մերի-Մոնթեվերտիի Անտառները

Հրդեհներու հսկայ ալիք մը նախանցեալ գիշեր հարուածեց հարաւային Լիբանանի անտառները: Բռնկած հրդեհներուն պատճառով հրկիզուեցան Մանսուրիի, Արեւմտեան Սիրի, Զրարիէի եւ Թայրֆըլսէի անտառները: Երէկ առաւօտեան վերոնշեալ շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհները աւելի եւս սաստկացան եւ անոնց բոցերը հասան մինչեւ Նապաթիէի, Շուքինի, Զըպտինի, Անսարի, Քաուսարիեթ Ռըզի, եւ Քֆարսիրի անտառները: Հրդեհները մարելու համար քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը աշխատանքի լծուեցան`...

Սէուտական Արաբիա Անհրաժեշտ Կը Նկատէ  Լիբանանը Փրկել Հըզպալլայի Իշխանութենէն

Սէուտական Արաբիա Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանը Փրկել Հըզպալլայի Իշխանութենէն

Մինչ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին գինը հասած է 23 հազարի սեմին, երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը աւելի եւս կը խորանայ, սղաճը անսանձ կը շարունակէ ճախրել, իսկ իր ապրուստը ապահովելու համար հազար կտոր եղող լիբանանցին կը շարունակէ մաշիլ ամէն իմաստով: Առողջապահական մարզը իր կարգին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, իսկ քաղաքացիներուն դեղորայքը ապահովելու համար խայտառակութիւնը սանձարձակ վիճակի մէջ կը գտնուի`...

Ռայի Պատրիարքը Շնորհաւորական  Այցելութիւն Մը Տուաւ Տիւրզի Համայնքի  Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Ռայի Պատրիարքը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին այցելեց տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, որուն շնորհաւորեց անոր ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց: Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տագնապները լուծելու կարեւորութիւնը: Շէյխ Սամի Ապի Մունա շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին այցելութեան եւ շնորհաւորանքին համար: Ապի Մունա ընդգծեց մարոնի եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան եւ ազգային գոյակցութեան...

Ամալ Ապու Զէյտ. «Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը  Չի Միտիր Լիբանանեան-Սէուտական  Դիւանագիտական Տագնապը Լուծել»

Ամալ Ապու Զէյտ. «Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը Չի Միտիր Լիբանանեան-Սէուտական Դիւանագիտական Տագնապը Լուծել»

Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա տարակարծիք է Հըզպալլայի հետ, սակայն այսօր ան ամբողջ լիբանանեան պետութիւնը կը պատժէ` իր տարակարծութեան պատճառով: Ան նշեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ իր կեցուածքը ունի, իսկ Հըզպալլայի կեցուածքները նորութիւն չեն: Անդրադառնալով Վիեննայի բանակցութիւններուն` Ապու Զէյտ յայտնեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վիեննայի բանակցութիւնները դրական են եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 947 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը պատճառ պիտի դառնայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի չունենան: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա կ՛իշխէ լիբանանեան որոշումին: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ոգին տակաւին բարձր է Հըզպալլայի...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան  Այլեւս Կարողութիւն  Չունի Հանդուրժելու Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Բեռը»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Հանդուրժելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բեռը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սքինասը` ընկերակցութեամբ պաշտօնական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ: Հանդիպումին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն լոյսին տակ նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս կարողութիւն չունի հանդուրժելու սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը: Նախագահ Աուն Եւրոպական խորհուրդէն պահանջեց աշխատիլ` դէպի սուրիական...

Այն Թինէի Մէջ.   «Վարչապետին Եւ Ռիատի Մարտահրաւէր Չեմ Կարդար,  Իսկ Կառավարութեան Նիստերը  Չգումարուելու Պատճառը Ես Չեմ»  Շեշտեց Ժորժ Քըրտահի

Այն Թինէի Մէջ. «Վարչապետին Եւ Ռիատի Մարտահրաւէր Չեմ Կարդար, Իսկ Կառավարութեան Նիստերը Չգումարուելու Պատճառը Ես Չեմ» Շեշտեց Ժորժ Քըրտահի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քըրտահի յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր նախարարութեան պաշտօնին կառչած մնալ` աւելցնելով, որ ինք վարչապետին կամ իր սիրած երկրին` Սէուտական Արաբիոյ մարտահրաւէր չի կարդար` ան զարմանքով հարց տուաւ, որ իրեն դէմ այս փոթորիկը ինչո՞ւ է: «Մենք զարգացումները կը քննենք եւ կը...

Ռուշտի  Ընկերային Պաշտպանութեան  Ռազմավարութեան Ա. Օրինակը Ներկայացուց  Վարչապետ Միքաթիի

Ռուշտի Ընկերային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Ա. Օրինակը Ներկայացուց Վարչապետ Միքաթիի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ընկերային պաշտպանութեան ռազմավարութեան Ա. օրինակը: Նիստին ներկայ էին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի համակարգող Նաժաթ Ռուշտի, Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եոքի Մոքիոն, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան մէջ արաբական երկիրներու շրջանային տնօրէն Ռուպա Ժարտաթ, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս...

Պու Հապիպ Լիբանանի Մէջ Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Հարցը  Քննարկեց Սքինասի Հետ

Պու Հապիպ Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը Քննարկեց Սքինասի Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սքինասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը, ինչպէս նաեւ այն ջանքերը, որոնք Լիբանանի կողմէ ի գործ կը դրուին` դիմագրաւելու համար այդ տագնապը` տնտեսական, առողջապահական եւ ընկերային առումներով: Քննարկուեցաւ նաեւ ապօրինի արտագաղթի թղթածրարը, որմէ կը տառապի Եւրոպական Միութիւնը: Հանդիպումին համաձայնութիւն...

Նաքուրայի Մէջ.   «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերէն Աւելի Մեծ Դերակատարութիւն  Կ՛ակնկալենք` Պաշտպանելու  Լիբանանի Գերիշխանութիւնը»

Նաքուրայի Մէջ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերէն Աւելի Մեծ Դերակատարութիւն Կ՛ակնկալենք` Պաշտպանելու Լիբանանի Գերիշխանութիւնը»

Երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ: Հաժ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անոնց` լիբանանցիներուն ընդհանրապէս եւ երկրագործներուն յատկապէս տրամադրած օժանդակութիւններուն համար: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենան Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու նպատակով: Նախարարը աւելցուց, որ Լիբանան կառչած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 959 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կողմէ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 22 նոյեմբեր 2021-ին` Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին գինը հասաւ 23 հազարի: Միւս կողմէ, ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը,...

Սպասելով Անմիջական Լուծումներու`  Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ  Դիւանագիտական Բանավէճը Կը Սպառնայ  Դառն Հետեւանքներ Ունենալ

Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Ու Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Տագնապը Աւելի Կը Խորանայ

Կառավարութեան կազմութենէն ի վեր երէկ առաջին անգամ ըլլալով սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին գինը հասաւ 22 հազարի: Հակառակ այն յայտարարութիւններուն, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու, այսուհանդերձ սէուտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հանդէպ թշնամանքով լեցուն է` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը զիրենք կը...

«Վառելանիւթի Տագնապ Չկայ»   Շեշտեց Ուալիտ Ֆայեատ

«Վառելանիւթի Տագնապ Չկայ» Շեշտեց Ուալիտ Ֆայեատ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց վառելանիւթի տագնապի հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը: Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ վառելանիւթի տագնապ չկայ` աւելցնելով, որ շուկային մէջ բաւարարաչափ վառելանիւթ կայ եւ պիտի ըլլայ: Ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն պարտադրելու, որ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Նահատակները Արգիլեցին  Լիբանանի Վրայ Ամերիկեան Բռնատիրութեան  Բանեցումը, Իսկ Թշնամին  Գոյութենական Մտահոգութիւն Կ՛ապրի»

Սէյիտ Նասրալլա. «Նահատակները Արգիլեցին Լիբանանի Վրայ Ամերիկեան Բռնատիրութեան Բանեցումը, Իսկ Թշնամին Գոյութենական Մտահոգութիւն Կ՛ապրի»

«Հըզպալլայի նահատակի օր»-ուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ «Իսրայէլ»-ի հասցէն այսօր վախն է, եւ շրջանցուած կը նկատուի այն փուլը, երբ ան կը խօսէր «Արաբական գարնան» ժամանակաշրջանին ընթացքին իրեն յարմար միջավայրի մասին: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իսրայէլեան ռազմափորձերէն կարելի է եզրակացնել, թէ անոնք կը վախնան, որ Լիբանան կրնայ Գալիլիոյ...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Չկատարելու Պատճառ Չկայ»  Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չկատարելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «խորհրդարանին կողմէ ընտրական օրէնքը բարեփոխումի ենթարկելը ապօրինութիւն է, եւ այդ բարեփոխումը պիտի վիճարկենք Սահմանադրական խորհուրդին մօտ»: «Վիճարկելու ժամանակ ունինք տակաւին, իսկ Սահմանադրական խորհուրդը մէկ ամսուան առիթ ունի` ուսումնասիրելու մեր բողոքը: Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք հետապնդելու արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան կարելիութիւնը եւ անոր վերաբերող բարեփոխումներ պիտի ներկայացնենք...

Դատաւոր Պիթարի Նկատմամբ  Զօրակցութեան Նստացոյց

Դատաւոր Պիթարի Նկատմամբ Զօրակցութեան Նստացոյց

Իրաւաբանի տան դիմաց երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին: Նշենք, որ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի զգուշացուց ազգային դատ նկատուող Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը դատական ողբերգութեան վերածելէ: Ան յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետապնդումը պիտի շարունակուի, իսկ արդարութեան նախարարը նախանձախնդրութեամբ պիտի պաշտպանէ դատական մարմինը, որպէսզի ան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 914 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա շեշտեց հաւասարակշռուած երկխօսութիւնն ու չափաւորականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց որդեգրելու լիբանանցիները...

Page 379 of 988 1 … 378 379 380 … 988

Արխիւներ