Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Սահմանադրական Խորհուրդին Ներկայացուց Իր Վիճարկումը

November 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ ուղղուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդ, որուն ներկայացուց համախմբումին վիճարկումը` ընտրական օրէնքի բարեփոխումներուն դէմ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սելիմ Աուն, Իպրահիմ Քանաան, Էտկար Մաալուֆ, Սեզար Ապի Խալիլ, Սելիմ Խուրի, Ռոժէ Ազար, Մարիօ Աուն, Ալեն Աուն եւ Մուսթաֆա Հիւսէյն:

Համախմբումին ներկայացուցած վիճարկումը կը մերժէ ընտրական օրէնքին բարեփոխումները` հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ անոնք կատարուած են հակասահմանադրական կերպով:

Այլ խօսքով` խախտած են սահմանադրութեան թիւ 64, թիւ 66 եւ թիւ 57 յօդուածները, որոնք կը վերաբերին խորհրդարանին մէջ ներկայ երեսփոխաններու օրինաթիւը հաշուելու, օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ գործադիր իշխանութեան աշխատանքին միջամուխ դառնալու, արտերկրի լիբանանցիները զրկելու լիբանանեան խորհրդարանին մէջ իրենց ուրոյն ներկայացուցիչները ունենալու իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը յառաջաձգելու երեւոյթներուն:

Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղիէն մեկնումի պահուն Ալեն Աուն մաղթեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի ընդունին այդ խորհուրդին որոշումը` ինչ ալ ըլլայ ան:

ՄԻՒՍ կողմէ, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրութիւնները ակներեւ երեւոյթ ստացած է, եւ արդէն իսկ իրենց անունները արձանագրած արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը հասած է 180.345-ի:

Արձանագրութեան առիթը առկայ է տակաւին յառաջիկայ 48 ժամերուն համար:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Լիբանանին Պիտի Տրամադրէ Արբանեակային Լուսանկարներ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Առաջ Եւ Վերջ Ժամանակահատուածներուն Վերաբերող

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ճ. Պուչիքեանի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.