Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց հատուցման քարտին վերաբերող հարցեր:
Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին միացան նաեւ ընկերային հարցերու եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարներ Հեքթոր Հաժժարը եւ Ամին Սալամը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլ:
Վարչապետ Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերսկսելու
Կառավարութեան Աշխատանքներուն
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ երէկ նախագահեց ընդարձակ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Պէյրութի վերակառուցման ու բարեկարգումներու գործադրութեան ծրագիր»-ը, որուն մեկնարկը կատարած էին Միջազգային դրամատունը, ՄԱԿ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, նախարարներ Հանրի Խուրի, Եուսեֆ Խալիլ, Նաժլա Ռիաշի, Հեքթոր Հաժժար եւ Ամին Սալամ, երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Իպրահիմ Քանաան, Ժորժ Ատուան, Նիքոլա Նահհաս, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ եւ Բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտի, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Մունա Քաուզի, Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Քանատայի եւ Սպանիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ` Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներէն, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Նիստին ընթացքին Միքաթի գործակցութեան կոչ ուղղեց կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերուն` հաստատելով, որ կառավարութեան աշխատանքներուն վերսկսումը կարեւոր է:
Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է ընթանայ այնպէս, ինչպէս առաջին օրէն ճշդուած է, այսինքն` մշակուած աշխատանքային ծրագիրին հիման վրայ:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան ամբողջ աշխարհին, յատկապէս արաբական աշխարհին ու Ծոցի երկիրներուն հետ եղբայրական յարաբերութիւնները պէտք է պահէ:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է ժամանակի վատնումին վերջ տրուի, եւ աշխատանիստեր կազմակերպուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերուն լուծումներ ապահովել: «Այնպիսի հարցեր, որոնք լիբանանցիներուն համար առաջնահերթութիւն կը նկատուին», ըսաւ ան:
Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ միջին եւ երկարաժամկէտ լուծման կարիք ունեցող բոլոր թղթածրարներուն մասին քննարկում սկսի համապատասխան միջազգային մարմիններուն եւ խորհուրդներուն հետ:
Վարչապետը հաստատեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վէրքերը բուժելու եւ հետքերը ամոքելու կողքին` անհրաժեշտ է նաեւ բացայայտել այդ ոճիրին դրդապատճառները եւ հանդարտեցնել պայթումին պատճառով հարազատներ կորսնցուցած քաղաքացիներուն ցաւը:
«Այս առումով կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին այս թղթածրարը քաղաքական պարունակի մէջ չզետեղելու եւ զայն սահմանափակելու զուտ դատական շրջագիծին մէջ, եւ անոր լուծման համար որդեգրելու սահմանադրական կանոններ», հաստատեց ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւններն են իրենց բոլորին ապաստանարանը` աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է այդ իշխանութիւնները պաշտպանել: «Այս ձեւով նաեւ Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն եւ միջազգային ընտանիքին ուղղած կ՛ըլլանք հզօր պատգամ մը, թէ Լիբանանը իր դատական իշխանութիւնները պաշտպանող, յարգող, արդարութիւն եւ իրաւունք պարտադրող երկիր մըն է: