Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակ. Նախագահ Աուն. «Նախագահական Նստաշրջանիս Վերջին Տարուան Ընթացքին Պիտի Հունաւորեմ Բարեկարգումները` Հասնելով Մինչեւ Տնտեսական Տագնապին Լուծման»

Նոյեմբեր 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու նպատակով արձանագրուող արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը հասաւ 244.422-ի, Լիբանան խորհրդանշական կերպով նշեց իր Անկախութեան տօնը:

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով, երէկ բանակի հրամանատարութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ զինուորական խորհրդանշական տողանցք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի, ապահովական կառոյցներու պետերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէններ եւ սպաներ:

Նախագահ Աունի գալուստը ողջունուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով: Հանրապետութեան նախագահը «Անծանօթ զինուոր»-ի յուշարձանին զետեղեց ծաղկեպսակ մը:

Ապա տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդուժին կողմէ երկինքին մէջ կատարուեցաւ լիբանանեան դրօշի ցուցադրութիւն:

Ապա իշխանութեան երեք պետերը ուղղուեցան նախագահական պալատ:

Կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ երեք պետերու հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի հարցին լուծման մը շուրջ` նկատել տալով, որ եթէ այդ հարցը դատական իշխանութիւններուն կողմէ կարելի չըլլայ լուծել, ապա հաւանաբար խորհրդարանին միջոցով լուծուի:

Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի տագնապը կառավարութեան տագնապ չէ, այլ` անձնական է, եւ անոր հրաժարականին դիմաց դռները բաց են:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ` մաղթելով Աստուծմէ բարին: Իսկ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի անկախութիւնը չէր յայտարարուեր, եթէ լիբանանցիները Ռաշայայի մէջ իրարու հետ չհանդիպէին:

«Երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը հիմնական են, իսկ այսօրուան հանդիպումը լաւ հանդիպում էր, եւ վստահ եմ, որ ան պիտի առաջնորդէ լաւ ելքերու», ըսաւ Միքաթի:

Կէսօրէ ետք նախագահ Աուն ընդունեց ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ նախագահական իր նստաշրջանի վերջին տարուան ընթացքին պիտի հունաւորէ բարեկարգումները` հասնելով մինչեւ տնտեսական տագնապի լուծման:

Իր կարգին, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շեշտեց, որ իրենց յոյսը նախագահին իմաստուն մօտեցումներուն մէջ է` փշոտ թղթածրարներուն նկատմամբ, որպէսզի նուազագոյն վնասներով կարելի ըլլայ լուծել երկրին տագնապները:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման կոչ ուղղեց փրկելու զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւնները, երբ տակաւին ժամանակը կ՛արտօնէ անոնց փրկութիւնը:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն իրականացուած գործողութիւնները իրենց ներդրումը ունեցած են Լիբանանը պաշտպանելու առումով:

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանի թշնամիներուն դէմ պայքարին` պաշտպանելով օրէնքը, իրաւունքն ու հայրենիքը, ինչքան ալ դժուար ըլլան տիրող պայմանները:

Կիրակի երեկոյեան ժամը 8:00-ին նախագահ Աուն պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն հաստատեց. «Մեր իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է կառչած մնալ անկախութեան եւ ամրապնդել զայն: Իսկ տագնապներուն քաղաքական շահարկումէն միայն յաւելեալ տագնապ եւ երկփեղկում կրնայ բխիլ»:

Ան շեշտեց, որ կան դրական ցուցանիշներ, որոնք կրնան յանգեցնել Լիբանանի շահերուն երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ իր ջուրերուն եւ բնական հարստութեան իրաւունքին ու գերիշխանութեան ամրապնդումին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուետուութեան ենթարկելու քայլը բնական է եւ անիկա որեւէ բարեկարգումի նախաքայլն է:

Անդրադառնալով դատական իշխանութիւններուն` նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները որեւէ նախաձեռնութեան կրնան դիմել` կառչած մնալով օրէնքին ու կանոններուն:

«Լիբանան յանձնառու է արաբական բոլոր երկիրներուն, յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պահելու», հաստատեց ան:

Անկախութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիէն, Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. թագաւորէն, Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորէն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիէն, Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայէն, Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պինկէն, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերէն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն եւ Քաթարի իշխան շէյխ Ապտալլա պըն Համատ Ալ Թանիէն:

Նշենք, որ երկրորդ տարին ըլլալով քաղաքացիական ընկերութիւնը կազմակերպեց քաղաքացիական տողանցք մը, որուն մասնակցեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած նահատակներուն ընտանիքները, Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքը եւ մեծ թիւով քաղաքացիական ընկերութիւնը կազմող միութիւններ եւ խմբակներ:

Ակներեւ էր քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ պատրաստուած եւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարուող «Ժողովուրդ, Բանակ, Դատական իշխանութիւն» կարգախօսին գործածութիւնը:

Նախորդը

«Պէտք Է Ամրապնդենք «Ներքին Թշնամիներ Չկան, Եւ Հայրենիքը Բոլորին Է» Տարազը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?