Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աունի Օրուան Հրահանգը` Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ լիբանանեան բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի ստեղծած մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն բարդացումին զուգահեռ` անկախութեան տօնը այս տարի ծանրաբեռնուած է ներկայ պայմաններուն ցաւերով եւ զանոնք շրջանցելու յոյսերով, որպէսզի Լիբանան իր բնականոն իրավիճակին վերադառնայ:

«Բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը` քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ սադրանքները իրենց բոյնին մէջ սպաննելու յանձնառութեան տէր կանգնելու իմաստով, իրականացուած ձեր զոհողութիւններուն եւ ջանքերուն վերջնական արդիւնքն է», ըսաւ զօր. Աուն` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակը երկրին քաղաքական ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը մնայ եւ բոլոր լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կը վայելէ:

Զօր. Աուն հաստատեց նաեւ, որ իսրայէլացի թշնամիներուն դէմ դնելն ու ահաբեկչական բջիջները հալածելը, ինչպէս նաեւ երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն հսկողութիւնը` վերջ տալու համար մաքսանենգումի գործողութիւններուն, կարեւոր են, «եւ դուք ազգային գիտակցութեամբ կրցած էք ձեր ուսերուն բարդուած այս ծանր բեռը կրել», յայտնեց ան:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան տէր կանգնելով, ինչպէս նաեւ նահատակներուն թափած արեան կտակին ու ձեր երդումին հաւատարիմ մնալով` տէր կը կանգնիք երկրին անկախութեան:

Զօր. Աուն այցելեց բանակի մասնայատուկ ուժերու Ռումիէի զօրանոցը, ուր հաստատեց, որ Լիբանանի վրայ վախ չկայ, որովհետեւ դուք երկրին ողնաշարն էք:

Ան շեշտեց, որ «բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ձեզի ճնշող տնտեսական բեռը թեթեւցնելու»:

«Անպայման այս փուլը պիտի շրջանցենք: Հաւատացէ՛ք, որ լիբանանցիները կը վստահին ձեզի եւ կը հպարտանան ձեզմով, իսկ միջազգային ընտանիքը բարձր կը գնահատէ ձեր իրագործումները», շեշտեց զօր. Աուն:

Ապպաս Իպրահիմ. «Արդար Եւ Անկախ
Պետականութիւնն Է Ապագայի Երաշխիքը»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին օրուան հրահանգը ուղղեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն` կոչ ուղղելով անոնց կառչած մնալու ազգային եւ բարոյական սկզբունքներուն, որոնց միջոցով միայն կարելի է պահպանել լիբանանեան գոյացութիւնը:

Ապպաս Իպրահիմ անհրաժեշտ նկատեց, որ ապահովական եւ զինուորական բոլոր կառոյցները համագործակցին եւ իբրեւ մէկ բռունցք գործեն ու աշխատին` պաշտպանելու Լիբանանն ու անոր միասնականութիւնը:

«Կողմնակից եղէ՛ք բազմազան Լիբանանին, պատգամի երկիր Լիբանանին, պաշտպանեցէ՛ք լիբանանցիները եւ տէր կանգնեցէ՛ք արդարութեան, որպէսզի տօնը յիշատակի չվերածուի: Արդար եւ անկախ պետականութիւնն է ապագայի երաշխիքը», հաստատեց Իպրահիմ:

Նախորդը

Պըրրի. «Դրամատուներուն Մէջ Պահ Դրուած Գումարներ Ունեցող Քաղաքացիներու Իրաւունքներուն Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Պիտի Չվհատինք Եւ Աւելի Հզօր Դուրս Պիտի Գանք». Պայտըն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.